ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՅՈՐԴՈՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ քորոնաժահրի համաճարակի կապակցութեամբ հանդէս եկաւ հետեւեալ յորդորով։ Քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով ամբողջ աշխարհ կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէր մը։ Թուրքիոյ մէջ ալ առօրեան արտասովոր վիճակ մը ստացած է։ Այս բոլորէն անմասն չէ նաեւ թրքահայութիւնը։ Համաճարակը, դժբախտաբար, կը զուգադիպի Մեծ պահոց նուիրական շրջանին։ Մեր եկեղեցիներու խորախորհուրդ արարողութիւնները դժբախտաբար տեղի պիտի ունենան առանց հաւատացեալ ժողովուրդի մասնակցութեան։ Պատրիարքական Աթոռը արժեւորած է ստեղծուած իրավիճակը։ Երէկ, Կրօնական ժողովը գումարած է արտահերթ նիստ մը։ Այս բոլորի լոյսին տակ Գումգաբուի աղբիւրները հանդէս եկան հետեւեալ յայտարարութեամբ.

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Մտահոգութեամբ եւ աղօթքով կը հետեւինք քորոնաժահրի համաճարակի շուրջ աշխարհի զարգացումներուն: Այս դժուարին ժամանակներուն, երբ մարդկութիւնը փոթորկած է համաճարակի վտանգով, որմէ անմասն չէ Հայաստան աշխարհը եւ խռովայոյզ է նաեւ մեր կեանքը, հայրաբար կը յորդորենք մեր հոգեւոր հայրերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ առաւելագոյն զգուշութիւն ցուցաբերել եւ խուսափիլ հանրային շփումներէ եւ կուտակումներէ։

Կոչ կ՚ուղղենք բոլորին՝ գործել անձնական եւ հանրային բարձր գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ ո՛չ միայն մեր անձերու, այլեւ՝ իրարու հանդէպ հոգածութեամբ՝ խորապէս ըմբռնելով, որ այս պահուն իւրաքանչիւրի կեանքի անվտանգութիւնը նաեւ մեր անձնական պատասխանատուութիւնն է: Առ Աստուած ապաւինութեամբ կ՚աղօթենք վարակուածներու եւ մեկուսացուածներու ապաքինման եւ հոգեւոր ամրութեան համար։ Մեր բարձր գնահատանքն ու օրհնութիւնը կը բերենք զօրուգիշեր իրենց անսակարկ ծառայութիւնը մատուցող մեր բժիշկներուն, որոնք առաւելագոյն ջանքեր կը ներդեն իրենց ծառայութեան մէջ՝ գործելով արտակարգ իրադրութեան պայմաններով:

Առկայ կացութեան շուրջ խորհրդակցելով մեր Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն հետ եւ ստեղծուած իրավիճակը այսօր քննարկելով Հայաստանի եպիսկոպոսներուն հետ՝ որոշեցինք․

Ա․- Մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի ինկած ժամանակահատուածի համար Եկեղեցիներու ծառայութեան ժամեր սահմանել իւրաքանչիւր օր ժամը 09.00-էն մինչեւ 19.00-ը՝ հաւատացեալներու անհատական այցելութիւններու եւ առանձնական աղօթքներու, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան եւ հոգեւոր միւս կենսական պահանջներու բաւարարման համար,

Բ.- Սուրբ Պատարագի արարողութիւնները կատարել դռնփակ, առանց հաւատաւոր ժողովուրդի մասնակցութեան՝ ըստ կարելիութեան տեղւոյն վրայ կազմակերպելով պատարագներու հեռասփռումը,

Գ.- Ծաղկազարդի տօնին չեղարկել մանուկներու օրհնութեան կարգը, Անդաստանի արարողութիւնը եւ ճիւղերու օրհնութիւնը կատարել առանց հաւատացեալներու ներկայութեան,

Դ․- Սուրբ Աստուածածնի Աւետման տօնին՝ ապրիլի 7-ին, չկատարել մայրութեան բերկրանքին սպասող կանանց օրհնութեան կարգը,

Ե․- Չկատարել Ս․ Պսակի արարողութիւններ,

Զ․- Ս․ Մկրտութեան խորհուրդը կատարել խիստ անհրաժեշտութեան պարագային (մկրտուողի հիւանդութեան պարագային),

Է․- Յուղարկաւորութիւններու պարագային կատարել միայն գերեզմանի կարգը՝ յորդորելով սգացեալներուն ձեռնպահ մնալ յուղարկաւորութեան եւ հոգեճաշի մարդաշատ հաւաքներու կազմակերպումէն։

Սոյն որոշումները հրահանգելով եկեղեցական կառոյցներուն ի գործադրութիւն՝ յառաջիկայ չորեքշաբթին՝ մարտի 18-ը կը յայտարարենք համազգային աղօթքի օր՝ հրաւիրելով իւրաքանչիւրը ժամը 19.00-ին իր գտնուծ վայրին մէջ, իր առանձնական աղօթքով միանալ հոգեւոր դասուն՝ հայցելով, որ Տիրոջ օգնականութեամբ աշխարհը եւ մեր ժողովուրդը ի զօրու ըլլան միաբանութեամբ, փոխադարձ զօրակցութեան ոգիով յաղթահարելու այս փորձութիւնը։

Այս դժուարին պահուն հարկ է, սիրելիներ, միասնական կերպով համախմբուիլ եւ ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ու պատկան մարմիններուն, խստօրէն հետեւիլ թելադրուող բոլոր հրահանգներուն եւ իշխանութիւններու կողմէ սահմանուած պահանջներուն։

Մենք միասին՝ հանրային համերաշխութեամբ, քաղաքացիական եւ հոգեւոր բարձր պատասխանատուութեամբ ու գիտակցութեամբ եւ մեր Տիրոջ շնորհով ու ողորմածութեամբ կը յաղթահարենք նաեւ այս դժուարութիւնը: Կեանքը աստուածային պարգեւ է եւ ամենաթանկը. անոր պէտք է հոգ տանինք իրարու հանդէպ սիրով։ Հիմա՛ է ժամանակը վկայելու մեր սիրոյ եւ միասնութեան մասին:

Տիրոջ օրհնութիւնը, շնորհն ու ողորմութիւնը թող ըլլան մեզի հետ եւ ամէնքի․ ամէն։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2020