ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ այ­ցե­լեց Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նը։ Ուղ­ղա­փառ աշ­խար­հի Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը փու­թաց շնոր­հա­ւո­րու­թեան, իր հետն ու­նե­նա­լով Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նը եւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեա­նը։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը այս առ­թիւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ուղ­ղա­փա­ռաց Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիարք Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա.-ի կո­ղմէ։

Տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեան մէջ եր­կու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը փո­խա­նա­կե­ցին բա­րե­մաղ­թանք­ներ ու մաղ­թե­ցին, որ նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը միշտ ար­ժա­նի ը­նէ խա­ղա­ղու­թեան մէջ տա­ղա­ւար­ներ ող­ջու­նե­լու։

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015