ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՏԱԼԻՈՅ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իտալիոյ նորանշանակ դեսպան Վինչենցօ տել Մոնաքոն։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ազգային կեանքէ ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու հետ անոր ջերմ յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան։
Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայաստանէ ներս դեսպանի առաքելութիւնը դիւրին կ՚ըլլայ՝ շնորհիւ երկու երկիրներու միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ անոնց բաժնած միեւնոյն արժեհամակարգին։ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորութիւններ փոխանցեց նորանշանակ դեսպանին ու մաղթեց, որ Երկնաւորի զօրակցութեամբ ան իր պաշտօնավարման շրջանին հայ-իտալական բարեկամական յարաբերութիւնները աւելի զարգանան եւ արդիւնաւորուին։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։
Միւս կողմէ, Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ։ Ողջունելով սրբազանը՝ նախարարը կարեւորեց պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ ձեւաւորուած սերտ կապերու պահպանումն ու զարգացումը։ «Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը եզակի էր իր տեսակին մէջ, խաղաղ ու անցնցում։ Սա արձանագրեց նաեւ ամբողջ աշխարհ։ Հանրութիւնը անցումային այս փուլին մէջ մեզմէ մեծ սպասելիքներ ու ակնկալիքներ ունի։ Շատ ուրախ եմ, որ ձեր մտածելակերպով մեր կողքին էք եւ վստահ եմ, թէ եկեղեցւոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնները մեծ ապագայ ունին», նշեց Մխիթար Հայրապետեան։
Շնորհաւորելով նորանշանակ նախարարը՝ նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մշտապէս սերտօրէն համագործակցած է Սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ այդ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի խորանալով։ «Ես բարձր կը գնահատեմ երիտասարդութեան դերը։ Ուրախ եմ ձեզ այստեղ տեսնելով։ Մարդու օժտուածութիւնը ի վերուստ կը տրուի, իսկ տարիքը միայն կը յղկէ այդ մէկը։ Վստահ եմ՝ ձեր օժտուածութիւնով պիտի նպաստէք մեր երկրի բարօրութեան», ըսաւ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Հանդիպման աւարտին քննարկուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Սփիւռքի նախարարութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին նախատեսուած՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հայոց պետականութեան կայացման գործին մէջ» խորագրեալ գիտաժողովին վերաբերեալ հարցեր։ Այս գիտաժողովը ձօնուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին։