ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովի պատուիրակութեան անդամները, որոնք մասնակցեցան անցեալ շաբաթավերջի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։ Յիշեալ ժողովի միջեկեղեցական յանձնաժողովի նախագահ եւ Մակտեպուրկի առաջնորդ Ֆայկէ Եպիսկոպոսին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ընդունուեցաւ՝ ներկայութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի, Գերմանիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի։

Հանդիպման սկիզբին Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց հիւրերը։ Ան անդրադարձաւ Գերմանիոյ մէջ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի եւ հայոց թեմի միջեւ ձեւաւորուած գործակցութեան։

Նորին Սրբութիւնն ալ գոհունակութիւն յայտնեց այս այցելութեան բերումով։ Ան մատնանշեց Հայաստանեայց Առաքելական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու սերտ կապերն ու համագործակցութեան լայն եւ բովանդակալից ընդգրկումը։ Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ Մայր Աթոռը կը համագործակցի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ զանազան կառոյցներու եւ Գերմանիոյ շարք մը բարեգործական կազմակերպութիւններու հետ։ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Գերմանիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովին կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Արդարեւ, շնորհիւ այդ աջակցութեան Սուրբ Էջմիածնի շարք մը միաբաններ հնարաւորութիւն ունեցած են եւ այսօր ալ կը շարունակեն իրենց աստուածաբանական բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալ Գերմանիոյ կաթոլիկ համալսարաններէն ներս։

Իր հերթին, հիւր եպիսկոպոսն ալ կարեւորեց երկու եկեղեցիներու համագործակցութեան խորացումն ու զարգացումը զանազան ոլորտներէ ներս։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ վերջին տասնամեակներու ձեռքբերումներուն՝ հոգեւորականներու պատրաստութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան, ընկերային ծառայութեան եւ եկեղեցաշինութեան ոլորտներէն ներս։

Գերմանացի կաթոլիկ եկեղեցականները Հայաստանի մէջ կեցութեան օրերուն այցելեցին զանազան եկեղեցական կառոյցներ՝ ծանօթանալով լայնածաւալ գործունէութեան, եղան նաեւ երկրի շարք մը սրբավայրերուն մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2019