ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մայիսի 13-ին աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս։ Պատարագիչն էր Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան։ Համբարձման տօնին միեւնոյն ժամանակ աւանդաբար կը յիշատակուի 1441 թուականին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրման պատմական օրը։
Պատարագիչ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան օրուան քարոզին մէջ բացատրեց, որ եկեղեցին այն վերնատունն է, ուր մենք կը հաւաքուինք հանդիպելու Տիրոջ ու Փրկչին։ Եկեղեցւոյ մէջ Տիրոջ խորախորհուրդ ներկայութեամբ երկինքն ու երկիրը իրարու կը հանդիպին։ «Երկինքն այն տեղն է, ուր Աստուած կ՚ապրի։ Աստուած կ՚ապրի այնտեղ, ուր կը տիրէ սէր ու խաղաղութիւն, ուր կը կատարուի Աստուծոյ կամքը, ուր Աստուծոյ շունչը կը փչէ», ըսաւ ան։
Նորին սրբազնութիւնը աւելի վերջ անդրադարձաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի Սիս քաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրութեան պատմական յիշատակութեան։ Ան ընդգծեց, որ ճիշդ էին արեւելեան վարդապետները, որոնք որոշեցին Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, Հայոց Կաթողիկոսութեան նստավայրը վերադարձնել դէպի իր աստուածօրհնեալ բնօրրանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ «Սուրբ Էջմիածինը Աստուծոյ կողմէ մեզի ընծայուած այն մսուրն է, այն սրբազնասուրբ վայրն է, ուր մենք միասին կը հաւաքուինք՝ փնտռելու Յիսուս Քրիստոսը, լսելու անոր աստուածային ձայնը եւ հետեւելու անոր։ (…) Եւ մենք բոլորս կոչուած ենք Սուրբ Էջմիածինը, Տիրոջ յաւերժական նուէրը մեր ազգին, դարձնելու մեր հոգեւոր հայրենիքը, որ բանաստեղծի բառերով՝ ծննդավայրն է մեր հոգւոյ եւ դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի», ըսաւ քարոզիչ սրբազան հայրը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որու ընթացքին հոգեւորականաց դասն ու հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասանութեան եւ յաւերժ պայծառութեան համար։ Հայրապետական մաղթանքին հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։