ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Սուրբ Վլատիմիր Ուղղափառ ճեմարանի տեսուչ Տքթ. Ճոն Քհնյ. Պեռին, որուն կ՚ուղեկցէր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չեւեան։
Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ Ս. Վլատիմիր ուղղափառ ճեմարանի միջեւ ձեւաւորուած կապերուն։ Ան համոզուած է, թէ սա երկու կողմերուն ալ նպաստ պիտի բերէ կրթական գործընթացի արդիւնաւէտ կազմակերպման եւ փորձառութեան փոխանակման տեսանկիւնէն։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ Եկեղեցիէն ներս հոգեւորականներու պատրաստութեան եւ իրականացուելիք զանազան հոգեւոր-կրթական ծրագրերուն։
Եկեղեցական
- 11/27/2024