ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՊԻՏԻ ՍԱՀՄԱՆԷ ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեանի, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանի եւ Փաստաբաններու պալատի նախագահ Արա Զօհրապեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին հիւրերը կարեւորեցին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը։ Անոնք Վեհափառ Հայրապետին խնդրանք ներկայացուցին, որպէսզի իրաւաբաններու օրհնութեան օր մը սահմանուի։

Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը։ Ըստ իրեն, նման օրերու սահմանումը եկեղեցւոյ կողմէ կ՚առաջնորդէ զանազան ոլորտներու մասնագէտները՝ ազգին եւ հայրենիքին մատուցուած իրենց ծառայութեան շուրջ մտորումներու, անցեալ ճանապարհի եւ որդեգրուած սկզբունքներու վերարժեւորման, որովհետեւ պատասխանատուութիւն կը կրեն ո՛չ միայն հանրութեան, այլեւ՝ առաջին հերթին Աստուծոյ առջեւ։

Խօսելով արդարադատութեան մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ ան տէրունապատուէր առաքելութիւն մըն է։ Ունի կարեւոր պատգամ մը եւ խորհուրդ մը։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ իրաւունքի եւ արդարութեան սուրբգրային ակունքներուն եւ բարոյական ընկալման։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2020