ՔԱՅԼ ԱՌ ՔԱՅԼ ԴԷՊԻ ՏՕՆ
Համայն հայութիւնը արդէն անհամբերութեամբ կը սպասէ՝ յաջորդ շաբաթ նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման պատմական արարողութիւններուն։ Բոլորին ուշադրութիւնը հետզհետէ կը մագնիսանայ այս սրբազան արարողութիւններուն վրայ եւ հայութեան տպաւորութիւնը այնպիսին է, որ կարծես քայլ առ քայլ դէպի տօնակատարութիւն կ՚ընթանայ։
Ստեղծուած վառ հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի նախաձեռնութեամբ, այս առաւօտ մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Մայրավանքի տարածքէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիսը։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները նախ մայրավանքի տարածքէն ներս կատարեցին շրջայց մը։ Շրջայցի ընթացքին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն ուղեկցեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթէնեան եւ գործակիցները։ Տարածքի վրայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի պատասխանատու Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան։ Հոգեւոր հայրերու ուղեկցութեամբ անոնց մանրամասն բացատրութիւններ տրուեցան՝ մասնաւորապէս Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Անոնք տեղւոյն վրայ ականատես եղան արձանագրուած փայլուն արդիւնքին։ Բաց աստի, մայրավանքի տարածքի ընդհանուր բարեկարգումն ու դրուածքն ալ որոշ փոփոխութեան ենթարկուած է եւ առանձին մոմավառութեան եւ հայրապետական դամբարաններու բաժիններ ալ ստեղծուած են։
Այս շրջայցէն ներս տեղի ունեցաւ բուն մամլոյ ասուլիսը, որու ատենախօսներն էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան եւ արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Հարկ է նշել, որ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան ատենապետն է սրբազան արարողութիւնները համակարգած մարմնին։ Նոյնպէս, Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանն ալ այդ կարգադիր յանձնախումէն ներս ունեցած է կարեւոր պատասխանատուութիւն։ Երկու սրբազանները լրագրողներուն հետ զրուցեցին անմիջական մթնոլորտի մը մէջ եւ բացատրութիւններ տուին ո՛չ միայն մայրավանքի տարածքէն ներս ապահովուած ձեռքբերումներու նշանակութեան, այլեւ անոնց հոգեւոր կեանքի առջեւ ուրուագծած հեռանկարներուն շուրջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մօտալուտ սրբազան արարողութիւնները պիտի թարմացնեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հօտին հոգեւոր միասնականութեան զգացումը, ինչ որ հաւաքական պատասխանատուութեան վերանորոգ գիտակցութեան նոր անկիւնադարձ մը սահմանելու ներուժը ունի՝ առկայ ճակատագրական ժամանակներուն, երբ հայոց պետականութիւնը գոյաբանական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Հարկ է նշել, որ յաջորդ շաբաթավերջին նախատեսուած արարողութիւններուն համայն աշխարհէն յայտնի դէմքեր մասնակցութիւն պիտի բերեն։ Միջեկեղեցական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ, զանազան պետութիւններու կողմէ բարձրաստիճան հիւրեր, սփիւռքի ականաւոր դէմքեր եւ այլ կարգավիճակով անձնաւորութիւններ պիտի համախմբուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր նախ Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ պիտի օծուի Սրբալոյս Միւռոնը, իսկ օր մը վերջ՝ նորաօծ միւռոնով պիտի օծուի նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի աւագ խորանը։ Անշուշտ, նոյնաժամանակ պիտի մատուցուի անդրանիկ Ս. Պատարագը՝ ձեռամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։