ՇՐՋԱՀԱՅԵԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանէ եւ Արցախէ ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակին։ Երկրի դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ ԳՀԽ տեղեկացուց, որ պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն բոլոր պատկան մարմիններու իրաւասու պաշտօնեաները՝ չբացառելով նաեւ հրաժարականի հաւանականութիւնը։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք ԳՀԽ-ի կողմէ երէկ հրապարակուած յայտարարութիւնը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, անդրադարձ կատարելով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յետպատերազմեան իրավիճակին, հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը։
1.- Վերջին շաբաթներուն Արցախի դէմ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկչական ցանցերու կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններու պայմաններուն մէջ մեր հաւատաւոր ժողովուրդը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ապրեցաւ անհուն ցաւով եւ աղօթքով առ Աստուած՝ իր ուժերուն ներածին չափով ջանալով աջակցիլ արցախահայութեան, Արցախի Պաշտպանութեան բանակին եւ ի լուր աշխարհի բարձրաձայնել Արցախի ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքին մասին՝ շարունակելով ապաւինիլ մեր զինուորի յաղթական ոգիին։
2.- Անվիճարկելի ու կենսական է հրադադարի պահպանումը եւ տարածքաշրջանի մէջ տեւական ու յուսալի խաղաղութեան ապահովումը: Այնուամենայնիւ, հրադադարին վերաբերեալ նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, անկէ բխող հետեւանքները եւ առկայ անորոշութիւնները, Արցախի մէկ հատուածի կորուստը յանկարծակիի բերին հանրութիւնը՝ յանգեցնելով արդար ընդվզումի, ինչը իր հերթին յղի է մեր երկրի ներքաղաքական ապակայունացումով եւ կը սպառնայ կանգնեցնել հայրենիքը նոր վտանգներու առջեւ։
3.- Այս օրերուն կոչուած ենք տուրք չտալու մեր զգացումներուն եւ առաջնային կերպով երախտիքի բացառիկ դրսեւորումով յարգելու յիշատակը մեր հերոս զաւակներուն, որոնք իրենց կեանքը ընծայեցին յանուն մեր հայրենիքին, եւ զօրակցելու անոնց ընտանիքներուն ու մեր ամբողջ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ պատշաճօրէն դիմաւորելու 44 օր շարունակ, ի գին ամէն զրկանքի, հերոսական մարտեր մղած քաջարի մարտիկները:
4.- Անցնող այս ժամանակահատուածին կայացուած որոշումներուն, հակամարտութեան այսօրինակ հանգուցալուծումին եւ ազգային համերաշխութեան վերականգնումին համար, միմիայն օրինականութեան նկատմամբ անվերապահ յարգանքով, պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն բոլոր պատկան մարմիններու իրաւասու պաշտօնեաները՝ չբացառելով նաեւ հրաժարականներու հաւանականութիւնը։
5.- Հարկ է պահպանել իրաւունքի գերակայութիւնը եւ քաղաքական բոլոր գործընթացները լուծումի առաջնորդել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան ծիրէն ներս։ Ընդսմին առկայ պայմաններուն մէջ անթոյլատրելի է աւելցնել մեր ժողովուրդին ցաւը՝ աւելի վտանգելով պետութեան եւ մեր ժողովուրդին ապագան։ Առաջին հերթին իշխանութիւնները, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը եւ բոլոր հասարակական-քաղաքական միաւորները պէտք է անյապաղ ձեռնամուխ ըլլան երկխօսութեան՝ գործակցութեան մթնոլորտի մէջ լուծումներ գտնելու խնդիրներու կարգաւորումին համար։ Որեւէ շեղում այս ուղիէն չի կրնար ընդունելի նկատուիլ մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ կողէ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է ի գին ամէն ինչի պահպանել ազգային մեր միասնականութիւնը եւ հեռու մնալ զայն խաթարող քայլերէ։
6.- Հետեւելով այս օրերուն պաշտօնեաներու հրապարակաւ ելոյթներուն, Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ընդդիմադիր ուժերու հանրահաւաքներուն եւ ցոյցերուն՝ այսու կը յորդորենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ ընդդիմութիւնը զերծ մնալ ատելութիւն եւ թշնամանք հրահրող արտայայտութիւններէ, սպառնալիքներէ ու նմանօրինակ գործողութիւններէ։ Բռնութեան որեւէ դրսեւորում, կորուստի ցաւը կրող մեր ժողովուրդը վհատեցնող եւ բորբոքող որեւէ արարք պէտք է արժանանայ պարսաւանքի։ Կը դատապարտենք Ազգային ժողովի նախագահին եւ ոեւէ այլ անձի նկատմամբ կիրարկուած բռնութիւնները, միեւնոյն ժամանակ քաղաքական դրդապատճառներով որեւէ բռնաճնշում:
7.- Մեր յորդորն է Ազգային ժողովին եւ յատկապէս մեծամասնական խմբակցութեան՝ երկրի շահերու բարձր գիտակցութեամբ քաղաքական պատասխանատուութիւն դրսեւորելու եւ վերականգնելու Ազգային ժողովի բնականոն աշխատանքը՝ իրավիճակին թելադրութեամբ անկէ բխող բոլոր պարտաւորութիւններով հանդերձ: Հարկ է ականջալուր ըլլալ ժողովուրդի ձայնին եւ հաղորդ հանրութեան հիասթափութիւններուն եւ պահանջներուն՝ գործել անձնական եւ կուսակցական շահերէ վեր, պետական մտածողութեան բարձր գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ։ Հայրենիքը այսօր կարիքը ունի անյապաղ քայլերու ձեռնարկումին:
8.- Բոլորիս սրբազան պարտքն է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ մեր գործուն ներդրումը բերելու այս վիճակի յաղթահարումին ի նպաստ։ Յանձնառութիւն պիտի դրսեւորենք նաեւ ըստ ամենայնի զօրակցելու արցախահայութեան եւ Արցախի իշխանութիւններուն՝ վերակազմակերպելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը։ Այդ ուղիով պէտք է պաշտպանենք հայրենի հողի վրայ ապրելու մեր իրաւունքը։ Արցախը պէտք չէ հայաթափուի։
9.- Առանձնակի ցաւով կ՚անդրադառնանք յանձնուելիք տարածքներուն մէջ մեր ինքնութեան բազմադարեայ վկաներուն՝ մատուռներուն, եկեղեցիներուն ու վանքերուն, ամրոցներուն, պատմամշակութային կոթողներուն ու թանգարաններուն որբացումի իրողութեան։ Կոչ կ՚ընենք պատկան պետական մարմիններուն եւ սփիւռքեան կարող ուժերուն, համախորհուրդ Հայոց Եկեղեցւոյ հետ, ամէն ջանք ի գործ դնելու՝ փրկելու զանոնք Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան հետեւանքով յետագայ աւերէն:
10.- Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի զօրակցութեամբ պիտի շարունակէ իր ջանքերը ներդնել երկրին մէջ միասնականութեան ու համերաշխութեան մթնոլորտ հաստատելու եւ անհրաժեշտ գործընթացները օրինական ուղիներով առաջնորդելու համար։
Մեր խոնարհումը կը բերենք հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին մէջ անօրինակ սխրանքներ դրսեւորած մեր բոլոր քաջարի զինուորներուն, զօրականներուն եւ աշխարհազօրայիններուն։ Նաեւ կ՚աղօթենք ռազմական յանցաւոր գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած հայորդիներու հոգիներուն հանգստութեան համար՝ հայցելով Ամենազօր Սուրբ Հոգիի մխիթարութեան ու սփոփանքի շնորհները նահատակուած մեր զաւակներու ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ մեր ամբողջ ժողովուրդին: Ապաքինում ու հոգիի նորոգութիւն կը մաղթենք վիրաւորուած մեր զինուորներուն՝ հայցելով Տիրոջ զօրակցութիւնն ու օգնականութիւնը անոնց:
Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ այս դժուարին պայմաններուն մէջ պահպանելու զգօնութիւնը, ողջախոհութիւնը եւ հաւատն ու վստահութիւնը, որ միաբան ընթացքով մենք ի զօրու ենք դուրս գալու ստեղծուած բարդ իրավիճակէն, յաղթահարելու խնդիրներն ու յառնած մարտահրաւէրները եւ միասնականութեամբ կերտելու հզօրութիւնը մեր հայրենիքին, նորոգ յաղթական յառաջընթացը եւ լուսաւոր գալիքը մեր ժողովուրդին։
Կ՚աղօթենք, որ Ամենողորմ Տէրը Իր սիրով ու օրհնութեամբ անսասան ապահով ու խաղաղ պահէ հայրենի մեր երկիրը՝ տոկունութիւն եւ կորով պարգեւելով մեր ամբողջ ժողովուրդին։
ՇԻՐԱԿԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ՊՈՌԹԿՈՒՄԸ
Միւս կողմէ, Հայաստանի մատնուած առկայ ծանր իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ եկեղեցական շրջանակներէ ներս քննադատութիւններ կը բարձրաձայնուին Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ ի մասնաւորի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ երէկ առաւօտ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած սպառնական գրառման կապակցութեամբ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի ընդվզումը։ Հայաստանի կայքէջերէն մէկուն տուած հարցազրոյցին մէջ ան ըսաւ. «Հայաստանի վարչապետի եւ զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի աթոռը զբաղեցնող անձը հոգեկան հիւանդ է։ Ազգային անվտանգութեան մարմինները, ոստիկանութիւնը, Առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ բանակի առողջ զանգուածը պէտք է միջոցներու ձեռնարկեն իշխանութենէն զինքը խաղաղ հեռացնելու, երկիրն ու ազգը այս հիւանդութենէն փրկելու համար»։