ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ տարեկան պատգամաւորական ժողովը։ Քէօլնի Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս գումարուեցաւ թեմական-պատգամաւորական հերթական ժողովը, որուն նախագահեց Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան։ Տասնհինգ ծուխերէ շուրջ երեսունհինգ պատգամաւորներու առընթեր ժողովին մասնակցեցան թեմի հոգեւորականաց դասուն անդամները։
Երկօրեայ ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Առաջնորդարանին եւ անոր կապուած ծուխերու անցեալ տարուան գործունէութեան տեղեկագիրներն ու հաշուետուութիւնները։ Առաջնորդարանը հոգեւոր գործունէութեան առընթեր ներկայացուց իր յարաբերութիւնները գերմանահայ զանազան հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պերլինի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան հետ։
Պատասխանատուներուն կողմէ ներկայացուած զեկոյցներուն շուրջ ծաւալուեցան քննարկումներ եւ ներկայացուեցան առաջարկներ։ Այդ բոլորը ամփոփուեցան արձանագրութեան մը մէջ եւ յանձնուեցաւ Թեմական խորհուրդի ուշադրութեան, որպէսզի ի պահանջել հարկին դրուի գործադրութեան։
Թեմական պատգամաւորական ժողովի դիւանին մաս կազմեցին Խաչիկ Րաֆֆի Կազէր, Մարգարիտ Ասոյեան-Լինք, Պենիամին Պօղոսեան եւ Լեւոն Թանոյեան։ Օրակարգի վրայ էր նաեւ թեմական մարմիններու նոր կազմերու ընտրութիւնը, որովհետեւ լրացած էր անոնց պաշտօնավարութեան եռամեայ ժամկէտը։
Թեմական խորհուրդի անդամ ընտրուեցան՝ Սօսի Շահէր, Սարգիս Ատամ, Ֆրէտ Միրզախանեան, Արա Վարդանեան, Սերովբէ Օտապաշեան, Գրիգոր Սաղլամէր, Վազգէն Ուրախեան եւ Ռոպէր Ելէկէն։
Հաշուեքննիչ մարմնին մաս կազմեցին Հիլտա Տէյիրմենճի եւ Ռիթա Գրիգորեան։
Քէօլնի Առաջնորդարանի դիւանին հաղորդումներով, Պատգամաւորական ժողովի աւարտին Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը։ Ան այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց թեմական մարմիններու նախորդ շրջանի անդամներու ծառայութեան համար ու շնորհաւորեց նորընտիրները։ Ժողովի աշխատանքը եզրափակուեցաւ աղօթքով։