ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող բարձրաստիճան հոգեւորականները երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կրթադաստիարակչական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան նախագահեց Սամաթիոյ երէկուան արարողութիւններուն։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեան։ Քարոզեց Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարգարեան։ Ներկայ էր նաեւ Սամաթոյ քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Արարողութենէն վերջ եկեղեցւոյ խոր-հըրդարանի երդիքին տակ սեղան մը սարքուեցաւ ի պատիւ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի եւ Հայր Սուրբերուն։ Անմիջական մթնոլորտով ճաշկերոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ուրախութիւն յայտնելով Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի, Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեանի եւ Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարգարեանի Իսթանպուլ այցելութեան կապակցութեամբ՝ ան ընդգծեց, թէ թրքահայութիւնը միշտ սերտ կապեր ունեցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ եւ դարերէ ի վեր հաւատարիմ կը մնայ անոր։
Իր կարգին, Նորին Սրբազնութիւնն ալ ուրախութիւն յայտնեց Իսթանպուլի մէջ գտնուելու կապակցութեամբ ու շեշտեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ բարձր կը գնահատեն պոլսահայութեան եկեղեցասիրութիւնը ու խոր հաւատքը։
Հարկ է նշել, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը այսօր երեկոյեան քաղաքէս հրաժեշտ կ՚առնէ՝ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։