ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը նա­խըն­թաց օր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց «Քրիս­տո­սի խա­ղա­ղու­թիւն» (Pax Christi) մի­ջազ­գա­յին կա­թո­լիկ կազ­մա­կեր­պու­թեան Աւստ­րիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ու ան­դամ­նե­րը։ Տե­սակ­ցու­թեան սկիզ­բին կազ­մա­կեր­պու­թեան քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տքթ. Ռի­խարտ Հուս­սըլ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին տե­սակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թեան հա­մար եւ հա­կիրճ անդ­րա­դար­ձաւ «Քրիս­տո­սի խա­ղա­ղու­թիւն» կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան ու ներ­կայ խա­ղա­ղա­րար գոր­ծու­նէու­թեան։

Ա­ւե­լի վերջ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը կա­թո­լիկ ուխ­տա­ւոր­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւնն ու պատ­գա­մը՝ մաղ­թե­լով, որ դէ­պի Հա­յաս­տան ի­րենց ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ըն­թաց­քին ներշն­չուին հա­յոց սրբու­թիւն­նե­րով։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ող­ջու­նեց աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղեալ այս կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի վերջ ան անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ընդգ­ծեց, թէ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Քա­հա­նա­յա­պե­տին Հա­յաս­տան կա­տա­րե­լիք մօ­տա­լուտ այ­ցե­լու­թիւ­նը այս ա­ռու­մով պի­տի ըլ­լայ վառ ար­տա­յայ­տու­թիւն մը։

Հան­դիպ­ման տե­ւո­ղու­թեան Նո­րին Սրբու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րու զա­նա­զան հար­ցում­նե­րուն, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րէին Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­կե­ղե­ցի-պե­տու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ըն­տա­նի­քի վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րու շուրջ ե­կե­ղե­ցա­կան հա­յե­ցա­կար­գա­յին ըն­կա­լում­նե­րուն։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Ար­ցա­խի սահ­մա­նի ողջ եր­կայն­քով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն կող­մէ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րուն։

Զրոյ­ցի ա­ւար­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը «Քրիս­տո­սի խա­ղա­ղու­թիւն» կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րուն մաղ­թեց ար­գա­սա­բեր գոր­ծու­նէու­թիւն, որ­պէս­զի նաեւ ա­նոնց ջան­քե­րուն շնոր­հիւ աշ­խար­հի վրայ վերջ գտնեն ա­նար­դա­րու­թիւ­նը, բռնու­թիւ­նը եւ պա­տե­րազ­մի չա­րի­քը։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016