ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Տեսակցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահը անդրադարձան Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ազգի առջեւ ծառացած զանազան մարտահրաւէրներուն, անոնց դիմագրաւման ուղղութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան։ Քննարկուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռի եւ ՀԲԸՄ-ի համատեղ ծրագրերու ընթացքը։ Այս բոլորին կապակցութեամբ Պերճ Սեդրակեան ընդգծեց, որ կարեւորելով ազգային կեանքէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ պատմական առաքելութիւնը՝ միութիւնը մշտապէս բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան ազգօգուտ նախաձեռնութիւններուն՝ նպաստելով եկեղեցաշինական, հոգեւոր-կրթական, բարեգործական, ընկերային եւ առողջապահական բազմաթիւ ծրագրերուն։ Այդ շարքին մէջ մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերուեցաւ եկեղեցականներու նոր սերունդի պատրաստութեան գործին եւ այդ շնորհիւ ներկայիս բազում երիտասարդ հոգեւորականներ իրենց գնահատելի սպասաւորութիւնը կը բերեն Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերէն ներս։

Զրոյցի ընթացքին կարեւորուեցան մատաղ սերունդի հոգեւոր եւ հայեցի դաստիարակութեան ուղղուած ձեռնարկները։ Այս առընչութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Աթոռի եւ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեան ներքեւ գործող հայորդեաց տուներու կառոյցի յետագայ ընդլայնման եւ ուսումնական գործընթացի արդիականացման ծրագրերուն։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց ՀԲԸՄ-ի նախագահին եւ անդամներուն՝ Մայր Աթոռի առաքելութեան ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետը եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահը խօսեցան նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին զարգացումներուն մասին։ Անոնք համոզում յայտնեցին, թէ երկրէն ներս տեղ գտած փոփոխութիւնները պիտի ամրապնդեն ժողովուրդի բարօր կեանքն ու պիտի նպաստեն պայծառ ապագայի կերտման։

ԱՅՑ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին այց մը տուաւ «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոն, որ կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Իրեն ընկերացաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։ Վեհափառ Հայրապետը հիւանդանոցէն ներս հանդիպեցաւ Արցախի պատերազմի, 2016 թուականի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմի եւ զին-

ւորական ծառայութեան ընթացքին հաշմանդամ դարձած 15 զինուորականներու հետ։ Այս վերջինները փրոթեզի համար անհրաժեշտ բժշկական զննութեան ենթարկուեցան Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ եւ հրաւէրով Հայաստան ժամանած Գերմանիոյ յառաջատար «Օթթոպոք» քլինիքի Հնդկաստանի մասնաճիւղի օրթոփետիստներուն կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ հընդ-կահայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Մովսէս Աբեղայ Սարգսեան, Կալկաթայի Ս. Նազարէթ Հայկական Եկեղեցւոյ վարչութեան փոխ-ատենապետները՝ Սունիլ Սոփթի եւ Սիւզան Ռուբէն։

Զինուորականներուն փոխանցելով իր հայրապետական օրհնութիւնը՝ Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց անոնց ծառայութիւնը հայրենիքին եւ դրսեւորած հերոսական ոգիին։ «Ձեր կեանքը, ձեր անձը յանձնառու կերպով ընծայաբերած էք մեր երկրի պաշտպանութեան, մեր ժողովուրդի անվտանգ կեանքի նուիրական գործին։ Աստուած թող օրհնէ ձեզ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Հիւանդանոցի մէջ Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երեք տարի առաջ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան հետ համատեղ ջանքերով կեանքի կոչած է այս ծրագիրը եւ նպաստած՝ հաշմանդամ դարձած երեք զինուորականներու փրոթեզի դարմանման Հնդկաստանի մէջ։ Այժմ կը ծրագրուի նման բժշկական սպասարկումները ամբողջութեամբ իրականացնել Հայաստանի մէջ, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ օգտակար ծառայութիւն մատուցել աւելի մեծ թիւով զինուորականներուն։

Միեւնոյն ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Կալկաթայի Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ վարչութեան՝ կարեւոր այս յանձնառութեան համար։

ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերէն ուխտաւորներ։ Խումբին ուղեկցեցան «Արարատ» տան վարիչ-տնօրէն Դերիկ Ղուկասեան եւ Ժագլին Էլ Շամմաս, ինչպէս նաեւ Միչիկընի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները։ Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու անունով Ժագլին Էլ Շամմաս ու Դերիկ Ղուկասեան՝ Նորին Սրբութեան փոխանցելով իրենց թեմերէն ներս ծառայող հոգեւորականներու որդիական սէրն ու խոնարհութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին Հայաստանէ ներս իրականացուող բարեգործական ծրագրերը։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր հայրապետական սէրն ու գնահատանքը։ Ան շեշտեց, որ որպէս հայրապետ՝ մեծ ուրախութիւն կ՚ապրի, երբ ամէն անգամ կը տեսնէ, թէ ինչպէս հայորդիները կը ժամանեն Հայաստան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեւոր կեդրոնը այն գիտակցութիւնով, որ իրենք նոյնպէս հոգեւոր ու ազգային արժէքներու կրողներն են եւ իրենց աստուածահաճոյ գործունէութեամբ զօրակցութիւն կը բերեն հայաստանաբնակ եղբայրներուն ու քոյրերուն։

Անդրադառնալով անոնց կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեգործական ու մարդասիրական ծրագրերուն՝ Նորին Սրբութիւնը Երկնաւորէն հայցեց, որպէսզի Տէրը իրենց աստուածօրհնեալ առաքելութեան ամբողջ ընթացքին օրհնէ բոլորը։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ ընկերային եւ հոգեփրկչական առաքելութեան, ներկայացուց հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները՝ կարեւորելով միասնական ջանքերը անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ։

Զրոյցի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորները գնահատեց հայապահպանութեան ուղղութեամբ բերուած կարեւոր աւանդին համար։ Ան յորդորեց նոյն նախանձախնդրութեամբ շարունակել կրողը ըլլալ նախնեաց աւանդած հսկայական ժառանգութեան եւ այդ մէկը անխաթար փոխանցել յաջորդ սերունդներուն։

Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստանալէ վերջ ուխտաւորները մասնակցեցան Միծնաէջ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։

ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐ

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին նշեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնը։ Տարիներ առաջ այս տօնին օրը հռչակուած է Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ ուխտի օր։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աւանդատուն-թանգարանէն հաւատացեալներու երկրպագութեան եւ օրհնութեան համար դուրս բերուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները։ Վեհափառ Հայրապետը, եկեղեցական հանդիսաւոր թափօրի մը ուղեկցութեամբ Միածնաէջ Մայր Տաճարի առջեւ հայոց հաւատի հօր մասունքները փոխանցեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեանին։ Մինչ այդ, ներկայ բարեպաշտ հաւատացեալները մօտեցան ու համբուրեցին մասունքներն ու Վեհափառ Հայրապետի Սուրբ Աջը։

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018