ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ճաբոնի վարչապետի յատուկ հարցերով խորհրդական Էյիչի Հասեկաւան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին գնահատեց Հասեկաւան եւ իրեն ընկերակից Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Ճուն Եամատան, որոնք հայ-ճաբոնական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղեալ ջանքեր կը գործադրեն։

Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ճաբոնի դեսպանատան միջեւ ձեւաւորուած է սերտ համագործակցութիւն մը, որու շնորհիւ այդ երկրի իշխանութիւններուն աջակցութեամբ Թոքիոյի վերականգնողական կաճառին կողմէ մասնագիտական խորհրդատուութիւն կ՚ապահովուի Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-մշակութային արժէքներու պահպանութեան եւ վերականգնման ուղղութեամբ։ Նոյն համագործակցութեան ծիրին մաս կը կազմէ ճաբոնական կողմի ցուցաբերած զօրակցութիւնը՝ Տաւուշի թեմի կրթական-ընկերային կեդրոնի ծրագիրը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։

Ճաբոնական պատուիրակութեան անդամները հանդիպման աւարտին այցելեցին նաեւ թանգարան։

Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ Էյիչի Հասեկաւա ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019