ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ՝ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, այս կիրակի, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի՝ Արցախի պատերազմին նահատակուած հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Անցեալ ամսուայ երկրորդ կէսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Վեհափառ Հայրապետի խորհրդակցութեան արդիւնքով կատարուած էր հոգեհանգստեան պաշտօն մը։ Այժմ նման կարգադրութիւն մը եւս կը կատարուի՝ նկատի ունենալով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շաբաթավերջին եռօրեայ սուգ հռչակած է՝ Արցախի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի ծանր համաձայնութեան ստորագրման 40-րդ օրուան առթիւ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2020