ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ Պերճ Սեդրակեան քննարկեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի համատեղ եկեղեցաշինական, կրթական եւ ընկերային ծրագրերը, ինչպէս նաեւ ազգային-եկեղեցական կեանքին վերաբերեալ զանազան խնդիրներ։ Պերճ Սեդրակեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, անդրադառնալով ապագայ ծրագրերուն։ Վեհափառ Հայրապետը բերաւ իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը ՀԲԸՄ-ի նախագահին եւ միութեան անդամներուն՝ Հայաստանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ի նպաստ զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ նուիրեալ գործունէութեան համար։
Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ հրատարակչական բաժիններու տնօրէն Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։
ՀԲԸՄ-ի նախագահը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։