ՊԱՀՔԸ ԱՇՏԱՐԱԿ, ՍԱՆԴՈՒԽ, ԿԱՄՈՒՐՋ ԵՒ ԵԼՔԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Մեծ պահքի երեսուեօթներորդ օրն է:

Վարդան Այգեկցին կը գրէ. «Պահքը ամուր աշտարակ եւ լուսաւոր սանդուխ է Աստուծոյ մօտ բարձրանալու համար։ Պահքը լայնատարած կամուրջ է, նաեւ ելքի ճանապարհ՝ դէպի երկինք տանող»:

Պահքը աշտարակ է անով, որովհետեւ անոնք որոնք հաւատքով եւ յոյսով այնտեղ կը բարձրանան, ապա անվնաս կը մնան թշնամիին յարձակումներէն, հալածանքներէն եւ պատճառած նեղութիւններէն: Աւելին, այդ աշտարակին միջոցով հոգեպէս կը զինուին, կը զօրանան, որպէսզի ի վիճակի ըլլան հաստատ մնալու առ Աստուած իրենց ունեցած հաւատքին, յոյսին եւ սիրոյն մէջ:

Պահքը լուսաւոր սանդուխ է անով, որովհետեւ անոնք որոնք այդ սանդուխը կը գտնեն եւ կ՚որոշեն այդ սանդուխին վրայ բարձրանալ, ապա ճշմարտութեան եւ յաւտիենականութեան բարձրացնող սանդուխը գտած կ՚ըլլան, որ իրենց ցոյց կու տայ եւ կը սորվեցնէ ի՜նչ առաքինի գործերով կարելի է այդ սանդուխէն բարձրանալ՝ հասնելու համար Արարիչ Աստուծոյ:

Պահքը լայնատարած կամուրջ է անով, որովհետեւ բոլոր անոնք որոնք ընտրած են նեղ դռնէն մտնել (տե՛ս Մտ 7.13-14), անոնց դիմաց կ՚ելլէ որպէս լայնատարած կամուրջ, որ կ՚օգնէ իրենց կարենալ յաղթահարել իրենց առջեւ ցցուած դժուարութիւններն ու արգելքները: Լայնատարած կամուրջ է նաեւ անով, որովհետեւ մարդուն այն գրաւականը կու տայ, որ ինչքան ալ դժուարանցանելի, ինչքան ալ խորտուբորտ ըլլայ ճանապարհը, իր միջոցով՝ պահեցողութեան, որ մեր հոգիի զօրութեան ու արիութեան կարեւորագոյն գրաւակնն է, կրնանք յաղթահարել ու ապահով անցնիլ դէպի միւս ափ՝ ուր խաղաղութեան նաւահանգիստն է:

Պահքը նաեւ դէպի երկինք տանող ելքի ճանապարհ է անով, որովհետեւ մեր առջեւ կը պարզէ Աստուածաշունչով մեզի թելադրուած յաւիտենական կեանք տանող ճանապարհը, այլ խօսքով՝ Սուրբ Հոգիի ներշնչութեամբ եւ ներգործութեամբ կ՚օգնէ մեզի ընտրելու ճիշդը, ճշմարիտը եւ անով առաջնորդուելու Միակ եւ Բացարձակ Ճշմարիտին մօտ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024