ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր օրերուն, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հաւատացեալները կ՚առաջնորդէ հոգեւոր խոր ապրումներու։ Այս ամբողջին մէջ միշտ կ՚առանձնանայ Ոտնլուայի կարգը, որ ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ Աւագ հինգշաբթի օրը։ Երէկ ալ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցութիւն բերաւ Աւագ հինգշաբթիի հոգեպարար արարողութիւններուն՝ մանաւանդ հոգեւոր հրճուանքով հետեւեցաւ Ոտնլուայի կարգին։

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ յիշատակեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Վերջին ընթրիքը եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատումը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան մեծահանդէս արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Աւագ հինգշաբթիի վաղ առաւօտեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ-Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանի երդիքին տակ կատարուեցաւ Ապաշխարողաց կարգը։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը Միջօրէի ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Անանիա Աբեղայ Ծատուրեան, որ ընթերցեց նաեւ Ս. Բարսեղ Կեսարացիի «Սուրբ Հաղորդութեան մասին» ճառը։

Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ կատարուեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն։ Սուրբգրային ընթերցուածներու առընթեր կարդացուեցաւ նաեւ 13-րդ դարու նշանաւոր վարդապետ Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացիի «Սիրոյ մասին» խրատը։ Վեհափառ Հայրապետը խորանին վրայ դրուած ջուրն ու իւղը օրհնեց եւ աւելի վերջ ծնրադիր լուաց 12 անձերու ոտքերը՝ Տէր Յիսուսի օրինակով։ Անոնց կարգին էին եպիսկոպոսներ, միաբան հայրեր, սարկաւագներ, համալսարանականներ, բժիշկներ, զինուորներ եւ աշակերտներ։

Երեկոյեան ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Խաւարման կարգ։

Աւագ հինգշաբթի օրուան հոգեպարար արարողութիւնները աւանդական շուքով կատարուեցան նաեւ քաղաքիս եկեղեցիներուն մէջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2019