ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշան շնորհեց դատաւոր Հրաչիկ Սարգսեանին։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւնը՝ բարձր հովանաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։
Յայտնի դատաւորին շնորհուած հայրապետական կոնդակին մէջ ընդգծուած է անոր երկարամեայ արդիւնաշատ գործունէութիւնը։ «Աստուածապարգեւ ձեր կեանքը դուք, որպէս նուիրեալ հայորդի, ապրած էք հայրենի մեր երկրի հանդէպ որդիական սիրով՝ միշտ ձգտելով Տիրոջմէ ձեզի պարգեւուած շնորհները ծառայեցնել հաւատաւոր մեր ժողովուրդին։ Այսօր առիթ ունինք անդրադառնալու ձեր արդիւնաւոր գործունէութեան։ Երկար տարիներ զբաղեցնելով բարձր պաշտօններ իրաւապահ համակարգէ ներս եւ արդարադատութեան մարմիններու մէջ՝ դուք կարելին ի սպաս դրած էք յանուն մեր երկրի մէջ օրինայարգ հասարակութեան ձեւաւորման։ Մասնագիտական գործունէութեան մէջ ձեր յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները բարի արդիւնքն են ձեր նախանձախնդիր, անյոգնաբեկ աշխատանքին։ Անկեղծ հոգիով դուք դրսեւորած էք նաեւ ձեր որդիական սէրն ու նուիրումը հանդէպ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցիին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին՝ օժանդակութիւն բերելով Մայր Աթոռի գործունէութեան», նշուած է Հայրապետական սրբատառ կոնդակին մէջ։
Շքանշանի յանձնումէն վերջ Հրաչիկ Սարգսեան հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ Ձեռնարկը ամփոփուեցաւ Նորին Սրբութեան օրհնութեան խօսքով։
Եկեղեցական
- 11/29/2024
- 11/29/2024
- 11/29/2024