ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Գեր­մա­նիոյ նո­րան­շա­նակ դես­պան Մա­թիաս Քիս­լէ­րը։ Ող­ջու­նե­լով նո­րան­շա­նակ դես­պա­նը՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը գո­հու­նա­կու­թեամբ ընդգ­ծեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ Գեր­մա­նիոյ դես­պա­նա­տան մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած ա­մուր կա­պե­րը։ Ան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ պի­տի շա­րու­նա­կուին այդ բա­րի նա­խըն­թաց­նե­րը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը բա­րե­մաղ­թանք­նե­րով շնոր­հա­ւո­րեց նո­րան­շա­նակ դես­պա­նը եւ իր ա­ղօթքն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց Գեր­մա­նիոյ բա­րե­սէր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։

Իր կար­գին Մա­թիաս Քիս­լէր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Նո­րին Սրբու­թեան ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար։ Ան ընդգ­ծեց, թէ քա­ջա­տե­ղեակ է հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ստանձ­նած վիթ­խա­րի ա­ռա­քե­լու­թեան թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Սփիւռ­քի մէջ։ Դես­պա­նը հա­ւաս­տիա­ցուց, թէ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին ա­մէն ինչ պի­տի ը­նէ, որ­պէս­զի բա­րե­կամ եր­կու եր­կիր­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւել զար­գա­նան ու հա­մա­տեղ ար­դիւ­նա­ւո­րուին։

Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էր Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։

Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը երէկ հիւրնկալեց նաեւ Մոսկուայի «Լոմոնոսով» պետական համալսարանի վերատեսուչ ակադեմիկոս Վիքթոր Սատովնիչին։

ՆՇԱ­ՆԱ­ԿՈՒՄ

Միւս կող­մէ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին տնօ­րի­նու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն Տ. Զա­քա­րիա Վրդ. Բա­ղու­մեան նշա­նա­կուե­ցաւ Ե­պիս­կո­պո­սաց ժո­ղո­վի գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէն։ Հարկ է նշել, որ մինչ այդ Հայր Սուր­բը պա­տաս­խա­նա­տուն էր Ծի­սա­կան-հա­յե­ցա­կար­գա­յին հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015