ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱՄԱՒՈՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ մօտալուտ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներուն ներգրաւուած կամաւոր երիտասարդները։ Խումբին ուղեկցեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման հոգեւոր տեսուչ ու կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան։ Կամաւոր աշխատանքներու համար հաւաքագրուած են շուրջ 120 երիտասարդներ՝ «Համահայկական կամաւորական միութիւն» հասարակական կազմակերպութենէն եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միութեան կողմէ։ Այս վերջիններուն վրայ կու գան աւելնալ Հայաստանի զանազան թեմերու եկեղեցասէր երիտասարդաց միութիւններու գործունէութեան ներգրաւուած անձեր։
Հանդիպման ընթացքին բացատրութիւններով հանդէս եկաւ Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան, որ մօտալուտ սրբազան արարողութիւններու արարողակարգային յանձնախումբի ատենապետն է։
Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը՝ բարձր գնահատելով անոնց պատրաստակամութիւնը հայ ժողովուրդին եւ Հայ Եկեղեցւոյ համար պատմական մօտալուտ իրադարձութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներուն իրենց կամաւոր մասնակցութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը այս առընչութեամբ կարեւորեց եկեղեցւոյ առաքելութեան գործին մէջ երիտասարդներու դերը՝ յորդորելով բարձր գիտակցութեամբ, պատասխանատուութեան մեծ զգացումով եւ պատշաճօրէն իրականացնել Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններու ընթացքին իրենց պարտականութիւնները։
Կամաւոր երիտասարդներուն հետ Վեհափառ Հայրապետը զրուցեց նաեւ հոգեւոր կեանքի նկատմամբ ուշադրութեան, եկեղեցասիրութեան, աղօթական կեանքով ապրելու անհրաժեշտութեան եւ մեր սուրբ հայրերու կերտած ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն հաղորդ դառնալու կարեւորութեան մասին։
Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան, որ կ՚ատենապետէ մօտալուտ սրբազան արարողութիւններու կազմակերպման համակարգող յանձնախումբին։