ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ամանորի առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Նորին Սրբութեան կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն աշխարհի հայութեան ուղղեալ այս պատգամը տեսասփռուեցաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ։ Տարեմուտէն քանի մը վայրկեան առաջ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ.
«Տարեմուտի սեմին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն աղօթքով եւ ողորմած Աստուծոյ շնորհներու հայցով հայրական մեր սէրը եւ օրհնութիւնը կը բերենք ձեզի ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս։
«Յոյսով ու բարի ակնկալիքներով կը դիմաւորենք 2017 թուականը՝ հրաժեշտ տալով մեր ժողովուրդին համար յուզումներով դժուարին տարուան։ Անգամ մը եւս ապրեցանք պատերազմի, ռազմական սադրիչ գործողութիւններու տագնապները եւ կորուստներու ցաւը, նաեւ ամավերջի այս օրերուն։ Ականատես եղանք սխրանքներուն մեր զաւակներու, որոնք անառիկ պահեցին մեր երկրի սահմանները։ Զգացինք քաջալերութիւնը հայրենիքը պաշտպանելու պատրաստ մեր ժողովուրդի միասնականութեան։ Անցնող տարուան ընթացքին յաղթահարեցինք նաեւ ներքին անկայունութեան սպառնալիքը՝ հաստատելով խնդիրները օրինականութեամբ վճռելու մեր ուղին։
«Այս մարտահրաւէրներով ու հայրենական մեր կեանքի բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ՝ մեր ժողովուրդը Աստուծոյ օրհնութեամբ արարեց, բարիք ստեղծեց, ի Սփիւռս աշխարհի տօնեց անկախ մեր պետականութեան 25-րդ տարեդարձը, զօրավիգ կանգնեցաւ ու սատարեց պատերազմական նեղութիւններ կրող սուրիահայութեան։ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ մեր ժողովուրդը ապրեցաւ առ հայրենին սիրով, յոյսով լաւատես, թէ նորոգեալ կեանքով, իր աշխատանքով, տաղանդով ու ձեռքբերումներով պիտի կերտէ իր բարօր լուսաւոր ներկան ու ապագան։ Երկնաւորին գոհութիւն կը յայտնենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները կարեւորեցին իրենց հոգեւոր աճը, զօրացուցին իրենց հաւատքն ու քրիստոնէական ճանաչողութիւնը, որուն ուղղուած է մեր եկեղեցւոյ ընդարձակուող գործունէութիւնը։ Քրիստոնէական մեր հաւատքի լիուլի դրսեւորումը այն ժայռեղէն հիմքն է, որու վրայ շարունակ պիտի բարձրանայ մեր կեանքը եւ ունենայ ներուժը՝ յաղթանակներ կերտելու։
«Տարեմուտը հրաւէր է նորոգութեան, վերափոխուելու, հրաժարելու անցեալի սխալներէն ու բացթողումներէն։ Մեր յորդորն է, սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ, որ քրիստոնէական սիրով, հայրենաշէն ջանքերով, մեր երկրին մէջ կայունութեան պահպանման եւ օրինականութեան ամրպանդման նախանձախնդրութեամբ մասնակցութիւն բերենք մեր պետական ու հասարակական կեանքի զօրացման եւ ի Սփիւռս աշխարհի մեր ազգային եւ եկեղեցական անդաստանի շէնացման։ Ծառայենք իրարու, ծառայենք մեր հայրենիքին, որու օրհնեալ կեանքը պիտի կերտենք, ծառայենք մեր ազգին, որ բազում յոյսեր ունի իրագործելու։ Օգնական ըլլանք նեղեալներուն եւ կարօտեալներուն։ Իրարու նկատմամբ սէրը, բարի նպատակն ու գործը Աստուած անտես չ՚ըներ։ Յանձնառութեան այս ոգիով դիմաւորենք 2017 թուականը։
«Համայն հայոց հոգեւոր նուիրական կեդրոն Սուրբ Էջմիածնէն մեր աղօթքը կը բարձրացնենք, որպէսզի Աստուած օրհնէ մեր հայրենիքը, օրհնէ մեր ժողովուրդի կեանքը ի Սփիւռս աշխարհի, անվտանգ ու անյաղթ պահպանէ մեր բանակի զինուորներն ու սպաները, օրհնէ յիշատակը հայրենիքի համար զոհուած մեր քաջարի զաւակներուն եւ ամուր ու անխաթար պահէ խաղաղութիւնը մեր երկրի սահմաններուն։
«Խաղաղութիւն կը մաղթենք ամբողջ աշխարհին, խաղաղութիւն՝ Մերձաւոր Արեւելքին, Սուրիոյ, Իրաքին։ Թող մեր Փրկչի առատ շնորհները, ուրախութիւն, երջանկութիւն, բիւր բարիքներ հեղուին ձեր կեանքէն եւ ձեր ընտանիքներէն ներս, սիրելիներ։ Պահպանեցէք ձեր հաւատքը, պահպանեցէք ձեր հայրենասէր, ազգանուէր ոգին, հոգ տարէք իրարու, հոգացէք յաւիտենական կեանքի համար, որ ունինք Յիսուս Քրիստոսով։ Կը մաղթենք բարի, օրհնեալ տարի բոլորիդ։ Շնորհաւոր Նոր տարի»։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024