Երկուշաբթի 2, Դեկտեմբեր 2024
ՈՒԽՏԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ ու դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին ծանրացաւ հոգեւորականի ու հոգեւորականութեան կարեւորութեան վրայ:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը սարքեց ընդունելութիւն մը։
Ուրբաթ, Փետրուար 2, 2024
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024