ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՀՔԸ
Մեծ պահքի քսաներորդ օրն է:
Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ. «Մաքուր պահքը թանկագին է Աստուծոյ առջեւ եւ այն գանձի նման պահուած է երկինքին մէջ: Պահքը զէնք է չարին դիմաց եւ վահան՝ որով թշնամիին նետերուն դէմ կը պատերազմինք»:
Ի՞նչ է մաքուր պահքը:
Պարզ իր հասկացողութեան մէջ մաքուր պահքը այն է, որու նպատակը ո՛չ թէ մարմնաւոր միտումներ ունի, այլ՝ հոգեւոր նպատակ կը հետապնդէ:
Մաքուր պահքը այն է, որով մարդ որոշում կայցուցած կ՚ըլլայ մաքրուելու եւ Աստուծոյ մօտենալու:
Մաքուր պահքը այն է, որով մարդ ինքնուրացութեան կ՚երթայ, կարենալ Աստուծոյ կամքին կամակատար ըլլալու համար:
Մաքուր պահքը այն է, որով մարդ մարմնապէս ինքնատկարացումի երթալով, հոգեւորապէս կը զօրանայ եւ քայլ առ քայլ աւելիով կը մօտենայ Աստուծոյ, իր կապը ա՛լ աւելի կ՚ամրապնդէ Աստուծոյ հետ:
Ի վերջոյ, մաքուր պահքը այն է, որ ըստ Սուրբ Եփրեմի թանկագին գանձի մը նման երկինքի մէջ Աստուծոյ առջեւ կը պահուի, այսինքն մաքուր պահքը առանց վարձատրութեան չի՛ մնար, ընդհակառակը բի՜ւր վարձատրութեան կ՚արժանացնէ պահեցողին:
Պահքը, մանաւանդ մաքուր պահքը նաեւ զէնք է չարին դիմաց եւ վահան՝ որով կը պաշտպանուինք թշնամիին յարձակումներէն:
Այս զէնքն ու վահանը պէտք է գիտնանք ճի՛շդ կերպով օգտագործել: Բաւարար չէ զէնք ու վահան ունենալը: Ի՞նչ օգուտ այդ երկուքէն եթէ ունինք զանոնք, սակայն զանոնք օգտագործելու ձեւը չե՛նք գիտեր, աւելի ճիշդ չե՛նք կրնար գործածել: Այս պատճառով ահա, պէտք է պահքին զգուշութեամբ մօտենանք, որպէսզի ո՛չ թէ դատապարտութեան վերածուի մեզի համար, այլ՝ զէնք ու վահանի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ