ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայ Ե­րու­սա­ղէ­մի մօտ շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րուե­ցաւ Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րի ցնծու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ըստ Հին տո­մա­րի նշեց Սուրբ Զա­տի­կը՝ ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րով։ Թէ՛ Սուրբ Յա­րու­թեան տա­ճա­րին եւ թէ՛ հա­յոց վան­քէն ներս՝ Սրբոց Յա­կո­բեանց Մայր տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցան աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն հոծ թի­ւով հայ ուխ­տա­ւոր­ներ։

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց այս տա­րի եւս ուխ­տա­ւոր­ներ մաս­նակ­ցե­ցան Իս­թան­պու­լէն։ Այս տա­րուան տար­բե­րու­թիւ­նը այն էր, որ Իս­թան­պու­լէն մեկ­նած ուխ­տա­ւոր­նե­րու խում­բը գլխա­ւո­րեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նա­յին Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Ե­ղի­շէ Ա­բե­ղայ Ուչ­քու­նեան եւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը Ս. Զատ­կի առ­թիւ տա­ղա­ւա­րի հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Ե­րու­սա­ղէ­մի Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րէն ներս, Տէր Յի­սու­սի լոյս գե­րեզ­մա­նին վրայ։ Մինչ այդ, Իս­թան­պու­լէն մեկ­նած ուխ­տա­ւոր­ներն ալ ար­ժա­նա­ցան Սրբոց Յա­կո­բեանց Միա­բա­նու­թեան ան­դամ­նե­րու ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քին։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 2, 2016