Տ. ՍԱՍՈՒՆ Ծ. ՎՐԴ. ԶՄՐՈՒԽՏԵԱՆ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն Տ. Սա­սուն Ծ. Վրդ. Զմրուխ­տեան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի պաշ­տօ­նա­վա­րէ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մէն ներս։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ ան պի­տի ստանձ­նէ Լաս Վե­կա­սի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւի պաշ­տօ­նը։ Նա­խա­պէս ալ նոյն թե­մէն ներս պաշ­տօ­նա­վա­րած Հայր Սուր­բը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն աշ­խա­տանք կը տա­նէր Սպա­նիոյ մէջ։ Որ­պէս Սպա­նիոյ եւ Փոր­թու­գա­լի մէջ Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րա­կի փո­խա­նորդ՝ ան կազ­մա­կեր­պեց Հայ Ե­կե­ղե­ցին եւ հա­մայն­քը՝ Մատ­րի­տի, Պար­սե­լո­նա­յի, Վա­լեն­սիոյ եւ այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ։

Այս բո­լո­րէն վերջ՝ Տ. Սա­սուն Ծ. Վրդ. Զմրուխ­տեան ե­րէ­կուան դրու­թեամբ ստանձ­նեց Լաս Վե­կա­սի հայ գ­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւի պաշ­տօ­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 2, 2016