ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ, ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ, ԵՒ… ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը երէկ յուզումի մատնուեցաւ՝ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի կորուստով։ Ան երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքեց այն հիւանդանոցին մէջ, ուր արդէն խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուէր։ Նշան Չալկըճեան, որ աւելի քան 90 տարեկան էր, արդէն ունէր ընթացիկ առողջական բարդութիւններ, որոնց վրայ վերջին շրջանին եկան աւելնալ թոքերու վերաբերեալ անբաւարարութիւններն ու անհանգստութիւնները։ Հակառակ իրեն շռայլուած մասնագիտական խնամքին եւ ընտանիքի հոգածութեան՝ կարելի չեղաւ զինքը փրկել եւ ան հիւանդանոցի մէջ հոգին աւանդեց՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանեկան պարագաները, սիրելիներն ու սաները։
Նշան Սրկ. Չալկըճեան պոլսահայ կեանքէն ներս իսկապէս իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան իր սերունդի եզակի դէմքերէն մէկն էր։ Բառին բուն իմաստով հեղինակութիւն մը կը նկատուէր եկեղեցական երաժշտութեան կալուածէն ներս։ Հայկական ձայնագրութեան քաջ ծանօթ Նշան Չալկըճեան տասնամեակներ շարունակ մեր եկեղեցիներուն մէջ առաջնորդած էր ժամերգութեանց երգեցողութիւնները։ Աւելորդ է ըսել, որ հոգեպարար այդ երգեցողութիւնները իրականութեան մէջ կը պայմանաւորեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բուն դիմագիծը եւ հաւատացեալները հաղորդ կը դարձնեն անոր փիլիսոփայութեան խորքին։ Նշան Չալկըճեան իր կեանքի ուղին նոյնացուցած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ։ Եկեղեցական երաժշտութիւնը ոչ միայն արարողութիւններու ընթացքին կը կատարէր, այլեւ զանազան հարթութիւններու վրայ, բազմամշակոյթ միջավայրերու մէջ կը ծանօթացնէր եւ լայն զանգուածներու հետաքրքրութիւնը արծարծուած կը պահէր։ Ան միշտ գնահատուած էր Հայ Եկեղեցւոյ վերին իշխանութեանց կողմէ՝ իր ծառայասիրութեամբ, նուիրումով եւ նախանձախնդրութեամբ։ Բոլորովին վերջերս Պէյօղլուի մէջ իրեն համար կազմակերպուած էր մեծարանքի արարողութիւն մը, որու ընթացքին իրեն շնորհուած էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ մասնաւոր օրհնութեան գիր մը։
Նշան Սրկ. Չալկըճեանի ծով վաստակը, անշուշտ, ամէն գնահատանքէ վեր կը համարուի։ Յամենայնդէպս, մեծարանքի վերջին արարողութիւնը ձեւով մը առիթ դարձած էր իր վաստակը արժեւորելու տեսակէտէ։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք վաստակաշատ, բազմամեայ եւ արդէն բարեյիշատակ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի բարի հոգւոյն եւ մեր խոնարհումը կը բերենք իր անփոխարինելի վաստակին առջեւ։ Այս առթիւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր զաւակներուն՝ Սեւան-Ալին Շէնճան ամոլին, Վահրամ Չալկըճեանին, դստեր, ինչպէս նաեւ քրոջ Սեդա Փեքայվազին եւ զաւակներուն՝ Ալեքս-Լիզ Յովհաննէսեաններուն եւ Սելին Փեքայվազին։