ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՆԱՏԱՆ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան Անարատ Յղութիւն մատրան մէջ այս տարի եւս տեղի ունեցան աւանդական Մայիսի աղօթքները։ Անցեալ շաբաթավերջին վերջին աղօթքը տեղի ունեցաւ ջերմեռանդ մթնոլորտի մը մէջ։ Եզրափակիչ աղօթքին ներկայ գտնուեցան Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Մխիթարեան երգչախումբին կողմէ։
Միւս կողմէ, Մխիթարեանի ընտանիքին անդամները երէկ այցելութիւն մը տուին Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան նախկին վիճակաւոր Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան Գերապայծառին, որու քահանայութեան 70-ամեայ եւ եպիսկոպոսութեան 50-ամեայ յոբելեանները վերջերս նշուեցան հանդիսաւոր ձեւով։ Մխիթարեան հայրերը եւ վանատան մատակարար մարմնի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու այցելութեան ընթացքին Չոլաքեան Գերապայծառին յանձնեցին յուշանուէր մը։ Մխիթարեանցիները այս առթիւ յայտնեցին իրենց երախտագիտութիւնը Չոլաքեան Գերապայծառի երախտաշատ գոր-ծունէութեան համար եւ անկեղծ բարեմաղթանքներ յղեցին իրեն։