ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի համալսարաններէն երեք ուսանողներ, որոնք այս տարի արժանացած են Հայրապետական կրթաթոշակին։ Ներկայ էին Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։
Ուսման ընթացքին ցուցաբերուած բարձր յառաջադիմութեան համար կրթաթոշակ ստացած են Նարեկ Մկրտչեան, Անահիտ Մամուլեան եւ Իրինա Մուրատեան։ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան ներկայացուց կրթաթոշակի արժանացած ուսանողները եւ հայցեց Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ նախարար Լեւոն Մկրտչեան։
Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս կանգ առաւ կրթութեան կարեւորութեան վրայ։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ կրթութիւնը մշտապէս բարձր գնահատուած է ազգային կեանքէ ներս։ Հայոց եկեղեցին մշտապէս հետամուտ եղած է ժողովուրդի կրթութեան սրբազան գործին եւ այսօր ալ կը շարունակէ ամէն ջանք ի գործ դնել՝ կրթական զանազան ծրագրերու միջոցաւ նպաստելու ազգային ոգիի եւ նկարագրի կերտման։
Վերստին շնորհաւորելով երիտասարդները՝ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, որ անոնք բարեյաջող պիտի աւարտեն իրենց ուսումը եւ շնորհիւ հարուստ գիտելիքներու պիտի նուաճեն նորանոր բարձունքներ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024