ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԵՌՈՒԶԵՌ
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան յաջորդած ներկայ օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը շարունակուի եռուզեռը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հանդիպումներ կ՚ունենայ Միւռոնօրհնութեան արարողութեան մասնակցած քոյր եկեղեցիներու գահակալներուն կամ անոնց ներկայացուցիչ պատուիրակութեան անդամներուն հետ։ Այս շրջագծով Նորին Սրբութիւնը երէկ մէկտեղուեցաւ Ղպտի եկեղեցւոյ պետին՝ Աղեքսանդրիոյ եւ Համայն Ափրիկէի Պապ ու Պատրիարք Թէոդորոս Բ.-ի հետ։ Հրաժեշտի հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ կը կարեւորէ զօրակցութիւնը, որով կ՚ամրապնդուին նաեւ փոխադարձ կապերը եկեղեցիներուն միջեւ։ Բոլոր հրաժեշտի հանդիպումներուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Միւռոնօրհնութեան բերուած մասնակցութեան եւ աղօթակցութեան համար իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն։
Միւս կողմէ, նախընթաց օր Վեհափառ Հայրապետը մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռի այն միաբաններուն հետ, որոնք Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ մասնաւոր վարդապետութեան չորս աստիճաններ ստացան ձեռամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանի։ Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը փոխանցեց եօթ նոր վարդապետներուն ու վստահութիւն յայտնեց, թէ անոնք ամենայն պատասխանատուութեամբ պիտի իրականացնեն իրենց ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։