ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԻՒԱՆԴ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Երեւանի «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնը, ուր դարմանման տակ կը գտնուին վիրաւոր զինուորներ։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր օրհնութիւնն ու շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքները փոխանցեց վիրաւորեալ զինուորներուն։

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային եկեղեցիներու խորհուրդը կոչ ուղղեց՝ դիւանագիտական քայլերու ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս մարտերու դադրեցման համար։ Խորհուրդը դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական ուժի կիրառումը, Սուրիայէն զինեալ ապստամբներով հանդերձ։

Խորհուրդը Ուաշինկթընի ղեկավարութեան կոչ ուղղեց դիւանագիտական միջոցներու ձեռնարկման համար։ «Յոյսով կ՚աղօթենք, որ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութիւնը անտարբեր չմնայ այս իրավիճակին մէջ», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020