ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը շարունակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ ԳՀԽ անդրադարձաւ համասեռամոլութեան խնդրին եւ Հայաստանէ ներս անոր վերջին շրջանի կարգ մը դրսեւորումներուն։ Վեհափառ Հայրապետը այս մասին յայտնեց խոր մտահոգութիւն։
Վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ կը գտնուի համասեռամոլութեան խնդիրը։ Արդարեւ, օրակարգի վրայ է նախաձեռնութիւն մը, որով կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ կազմակերպել համասեռամոլներու ֆորում մը։ ԳՀԽ-ի անդամները երէկ անցանկալի այս զարգացումներուն վերաբերեալ ընդգծեցին, որ համասեռամոլութեան վարքագծի գովազդումը կը սպառնայ ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու։ Քննարկումներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը այս խնդրին վերաբերեալ ներկայացուց իր դիտարկումները՝ մասնաւորապէս նշելով հետեւեալը.
«Վերջին օրերուն խոր մտահոգութեամբ տեղեկացանք համասեռամոլներու կողմէ Հայաստանի մէջ նախաձեռնուած ֆորումի լուրերու մասին, ինչ որ յառաջացուցած է մեր ժողովուրդի մեծ վրդովմունքը։ Մեր քրիստոսասէր ժողովուրդը դարերէ ի վեր կրողն է աստուածօրհնեալ ընտանիքի նուիրական գաղափարի եւ պահպանողը ընտանիքի սրբագործուած արժէքի։ Աստուածահաստատ ընտանիքի սրբազան խորհուրդով կը շարունակուի կեանքի գոյութիւնը, կեանքի հրաշագործութիւնը։ Աստուած պատուիրաններ ու բարոյական չափանիշներ սահմանած է արարչաստեղծ մարդու համար։ Այսօր, սակայն, կը փորձուի բարոյական շեղումները եւ անոնց բացայայտ քարոզչութիւնը ներկայացնել իբրեւ մարդու իրաւունքներ եւ ազատութիւններ։ Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցին համասեռամոլութեան երեւոյթի նկատմամբ իր դիրքորոշումը արտայայտած է՝ անընդունելի հռչակելով այդ կենցաղակերպը իբրեւ մարդկային բնութեան խեղում, բայց երբեք չդադրելով հով-ւական խնամք ցուցաբերել եւ կոչ ընել այդ մեղքի մէջ յայտնուած անձերուն՝ սրբագրելու իրենց ընթացքը։ Խստօրէն մերժելի են եւ դատապարտելի ԼԳԲՏ-ի ներկայացուցիչներու կողմէ հասարակութեան մէջ հրահրումներ յառաջացնելու քայլերը եւ համասեռամոլութեան երեւոյթի որեւէ հանրայնացում ու անոր գովազդում, որ գայթակղութիւն է մեր աճող սերունդին համար եւ սպառնալիք՝ մեր ազգի յարատեւութեան»։