ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Եւրոպայի երիտասարդութիւնը յանուն Արցախի անկախութեան ճանաչման» նախաձեռնութեան պատուիրակութիւնը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեանի (Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ) եւ Նատիա Գործունեանի (Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մասնաճիւղի ղեկավար) կողմէ կը գլխաւորուէր այս պատուիրակութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան շուրջ երեք տասնեակ հայ եւ օտար երիտասարդներ՝ եւրոպական 15 երկիրներէ եւ Ռուսաստանէ։ Անոնց շարքին կը գտնուէին լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ։

Նորին Սրբութիւնը զրոյցի ընթացքին դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը արժանապատուութեան ու գոյութեան համար պայքար կը մղէ։ Ըստ իրեն, Արցախի ժողովուրդի ազատ կեանքի իրաւունքը պաշտպանելու միակ ճանապարհն է անոր միջազգային ճանաչումը։ Այս առումով Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց միջազգային հանրութեան, ի մասնաւորի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու կողմէ ներդրուած ջանքերը՝ ռազմական գործողութիւններու կասեցման եւ հակամարտութեան խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ հանգուցալուծման համար։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ սփիւռքի զանազան համայնքներէ ներս կազմակերպուած զօրակցութեան ձեռնարկները՝ վերստին ընդգծելով կենաց-մահու այս պատերազմին մէջ համախմբման անհրաժեշտութիւնը։

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը երէկուան կիրակնօրեայ պատգամին մէջ դարձեալ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին։ Ան պատահածը որակեց ողբերգութիւն։ «Եկէք չմոռնանք Լեռնային Ղարաբաղի մասին, ուր այժմ պատերազմական գործողութիւններ կ՚ընթանան՝ հրադադարի ընդմիջումներով։ Հետզհետէ աւելի կը մեծնայ ենթակառուցուածքներու, տուներու եւ պաշտամունքի կոթողներուն հասցուած վնասը։ Աւելի ու աւելի շատ խաղաղ բնակիչներ կը տուժեն։ Սա ողբերգութիւն է», ըսաւ Սրբազան Պապը եւ վերստին կոչ ուղղեց հակամարտ կողմերուն՝ հրաժարիլ ռազմական գործողութիւններէ, որոնց հետեւանքով անմեղ մարդոց արիւնը կը թափի։ Ան յորդորեց հնարաւոր ամէն ինչ ընել՝ արիւնահեղութեան դադրեցման համար։ Ըստ իրեն, բռնի միջոցներով կարելի չէ լուծել տարաձայնութիւնները։ Անհրաժեշտ է միայն բանակցիլ՝ միջազգային համայնքի աջակցութեամբ։ «Իմ համերաշխութիւնը կը յայտնեմ բոլոր տուժածներուն ու կը դիմեմ բոլոր սուրբերուն՝ այդ տարածքաշրջանի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման համար», ըսաւ Հռոմի Պապը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2020