ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ռենովապիս» բարեգործական կազմակերպութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն տքթ. Հ. Թոմաս Շվարցը։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին արտայայտեց իր գնահատանքը՝ այս կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած բարեգործական եւ ընկերային աջակցութեան ծրագրերուն համար, որոնք ուղղուած են Արցախէն բռնի տեղահանեալ հայերուն, պատերազմէն տուժած ու կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց «Ռենովապիս»ի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համագործակցութիւնը, որ ձեւաւորուած է 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ։

Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ քոյր եկեղեցիներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ ջերմ կապերուն ու փոխյարաբերութիւններուն։ Ան այս առումով վառ վկայութիւն մը նկատեց յառաջիկայ 10 նոյեմբերին նախատեսուած էքիւմենիք աղօթքը՝ Արցախի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ պատանդներու ու գերիներու ազատ արձակման պահանջով։

Իր կարգին, Հ. Թոմաս Շվարց պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայ Եկեղեցւոյ հետ համագործակցութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ։ Ան Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց իր գլխաւորած կազմակերպութեան մարդասիրական առաքելութեան, ինչպէս նաեւ տեղահանուած կամ կարիքաւոր ընտանիքներու ի նպաստ զարգացման եւ ընկերային աջակցութեան ծրագրերուն շուրջ, որոնք ուղղուած են աշխատանքի ապահովման նպատակով մասնագիտական հմտութիւններու ուսուցման։

Հանդիպման ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի պատասխանատու Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթէնեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2024