Ս. ԳԵՂԱՐԴՈՎ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց հայոց առաջին լուսաւորիչներու՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ, որոնց նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Վերջին տարիներուն Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով այս տօնին զուգահեռ կը նշուի նաեւ աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օրը։ Ուստի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի պահ դրուած համաքրիստոնէական այդ սըր-բութիւնը հաւատացեալներու օրհնութեան համար դուրս բերուեցաւ։

Շնորհառատ տօնի առթիւ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի։

Արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով եւ հրաշագործ Ս. Գեղարդով օրհնեց ներկայ ժողովուրդը։  

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2019