Երկուշաբթի 2, Դեկտեմբեր 2024
ՍՈՒՐԲ ԳԵՂԱՐԴՈՎ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց հայոց առաջին լուսաւորիչներու՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու յիշատակի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ տեղի ունեցան մեծահանդէս արարողութիւններ, որոնց ընթացքին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Գեղարդով օրհնեց հաւատացեալները։ Ծանօթ է, որ համաքրիստոնէական այս սրբութիւնը կը պահուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ 2014 թուականէն ի վեր Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով Ս. Թադէոս-Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու տօնը հռչակուած է աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։
Մայր Տաճարի մէջ օրուան տօնին առթիւ պատարագեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակչութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարի Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024