ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս շաբաթավերջին հոգեւոր ուրախութեան առիթ դարձաւ պոլսահայ եկեղեցականաց դասու անդամներէն մէկուն աստիճանի բարձրացումը։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վարդապետական աստիճան շնորհեց Հայր Շնորհք Տօնիկեանին։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տուչութիւնը, որու ընթացքին Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան ստացաւ իր գաւազանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց հայր սուրբը, որ մօտաւոր անցեալին թեզ մը պատրաստած էր եւ արդէն նոր եռանդով կը շարունակէ իր հոգեւոր ծառայութիւնը։
Արարողութեան ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։ Խարտաւիլակն էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Տուչութեան արարողութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ քարոզ մը, որու ընթացքին շնորհաւորեց հայր սուրբը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի ուսումնարանին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024