ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ղազախիստանի դեսպան Թեմուր Ուրազաեւը, որ ներկայիս կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը։ Հրաժեշտի հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց իր գնահատանքը դեսպանի պաշտօնավարութեան ընթացքին Հայաստան-Ղազախիստան յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ ներդրած ջանքերուն համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ղազախիստանի միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան՝ մասնաւորապէս միջկրօնական երկխօսութեան կազմակերպման ոլորտէն ներս, Համաշխարհային եւ աւանդական կրօններու առաջնորդներու համագումարի շրջանակներուն մէջ։
Իր կարգին, դեսպան Թեմուր Ուրազաեւն ալ գնահատանքով խօսեցաւ Հայաստան-Ղազախիստան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Երեւանէ ներս ծառայութեան տարիներու իր տպաւորութիւններուն եւ Ղազախիստանի հայ համայնքի մասին։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի պատերազմին, յետպատերազմեան դժուարութիւններուն եւ առկայ խնդիրներու յաղթահարման ուղիներուն։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտած դեսպանին մաղթեց արգասաբեր գործունէութիւն եւ ապագայ ծառայութեան մէջ յաջողութիւններ։