ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍԻ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ
Մեծ պահքի իններորդ օրն է:
Մեզմէ շատեր կը հարցնեն, թէ Տէր Յիսուս ինչո՞ւ քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութիւն ըրաւ եւ յետոյ միայն անօթեցաւ: Ի՞նչ իմաստ ունի քառասուն թիւը:
Ղպտի Եկեղեցւոյ ներկայի հայրերէն՝ Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին, այսպէս կը բացատրէ.
• Ինչո՞ւ Տէրը անօթեցաւ քառասուն օրերու աւարտին: Որպէսզի հաստատէ Իր մարդկային բնութիւնը: Արդարեւ, եթէ Մովսէսէն կամ Եղիայէն աւելի պահք պահէր (տե՛ս Ելք 24.18: Գ. Թգ 19.8), ապա զԻնք պատրանք կը կարծէին, Ով մեր նման իրական մարմին չունէր: Տակաւին, անօթեցաւ, որպէսզի նոր առիթ տար սատանային հետ պատերազմին: Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Սատանան յուսահատեցաւ, տեսնելով թէ Յիսուս քառասուն օր պահք պահեց: Սակայն, երբ զԻնք անօթեցած տեսաւ, դարձեալ յոյս ունեցաւ, եւ այն ատեն մօտեցաւ Անոր փորձիչը»:
Իսկ քառասուն թիւը, ապա խորհուրդ մը ունի իր մէջ: Սուրբ Օգոստինոսի համաձայն, քառասուն թիւը իր մէջ թիւ (10)ը կը պարունակէ՝ չորս անգամ: Որովհետեւ 10 թիւը կը վերաբերի մեր երանութեան կատարելութեան կամ գիտութեան, իսկ “չորս” թիւը՝ ժամանակին: Քառասուն թիւը կը վերաբերի մեր ժամանակի կատարելութեան՝ երանական կեանքի մը մէջ, կամ գիտութեամբ լեցուն կեանքով մը:
Թիւ չորսը ցոյց կու տայ ժամանակը, որովհետեւ տարին չորս եղանակներու մէջ կը դառնայ (ամառ, ձմեռ, աշուն եւ գարուն): Իսկ մէկ օրուան շրջադարձը իր մէջ կը պարունակէ չորս ժամանակահատուածներ (առտու կանուխ, կէսօր, երեկոյ եւ գիշեր):
Թիւ տասը ցոյց կու տայ գիտելիքի եւ երանութեան կատարելութեան, քանի որ ան իր մէջ կը ներառնէ Արարիչին գիտութիւնը (3), այսինքն՝ Սուրբ Երրորդութիւնը, մարդը ստեղծելուն կողքին (թիւ 7 = հոգին Երրորդութեան նման է + մարմինը՝ աշխարհէն: Աշխարհի չորս ծագերը):
(Աստուածգիտութիւնը) 3 + (մարդու կատարեալ գիտութիւնը) 7 = (կատարեալ գիտութիւն) 10:
Արդարեւ, Տէր Յիսուսի ծոմապահութիւնը ցոյց կու տայ մեզի, որպէսզի հաւատարիմ մնանք զսպուածութեան մեր պանդխտութեան բոլոր օրերուն, որպէսզի երանական կատարեալ կեանք մը ապրինք եւ ճշմարիտ ճանաչողութիւն ունենաք Աստուծոյ եւ Անոր արարչութեան մասին:
Սուրբ Գրիգոր Մեծը ուրիշ բացատրութիւն մըն ալ կու տայ մեզի քառասուն թիւին վերաբերեալ: Կ՚ըսէ. «Այս մեռած մարմինը չորս մասերէ կը բաղկանայ: Եւ որովհետեւ այս մարմինին միջոցով կ՚ենթարկուինք Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ Օրէնքի պատուիրաններուն, որոնք մեզի տրուեցաւն Տասնաբանեային միջոցով, ապա մարմինի քմահաճոյքներուն եւ ցանկութիւններուն պատճառով անարգեցինք Տասնաբանեայ պատուիրանները, հետեւաբար արդար է որ նոյն մարմինը դաստիարակենք չորս անգամ տասը անգամ» (Հատուածը վերցուցած ենք Հայր Թատրոս Մալթիի Մատթէոսի Աւետարանի մեկնութենէն):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 2
Վաղարշապատ
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024