ՊԱՀՔ ԵՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ

Մեծ պահքի երեսունութերորդ օրն է:

Պահքը իրեն միշտ ընկերակից ունի փորձութիւնը: Ասոր ամենէն վառ օրինակը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կրած փորձութիւնն էր, որ Իր պահեցողութեան վերջին օրերուն ունեցաւ:

Եթէ փորձութիւն չկայ, ուրեմն մեր պահեցողութիւնը թերի է:

Ինչո՞ւ այս կ՚ըսենք: Կ՚ըսենք, որովհետեւ ինչպէս գիտենք պահեցողութեան թիւ մէկ եւ ամենէն կատաղի թշնամին սատանան է, քանի գիտէ, որ պահեցողութեան միջոցով մարդ կրնայ հանգիստ կերպով Աստուծոյ հասնիլ, մտերմանալ Անոր հետ, հաշտուիլ Անոր հետ, արժանանալ Անոր շնորհքին ու ողորմութեան: Այդ պատճառով, սատանան ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի մեր պահեցողութիւնը ձախողի, կամ խանգարուի:

Հետեւաբար, եթէ պահեցողը զգայ, թէ իր պահեցողութեան ընթացքին փորձութիւններու չ՚ենթարկուիր, ծունկի թող գայ Աստուծոյ առջեւ եւ խնդրէ Անկէ, որպէսզի ցոյց տայ իրեն իր թերութիւնը՝ քանի ուշ չէ տակաւին: Որովհետեւ երբ մարդ անդրադառնայ, թէ փորձութեան չ՚ենթարկուիր եւ ուրախանայ՝ կարծելով որ իր պահքը արդիւնք տուած է, ատով իսկ ձախողած կ՚ըլլայ իր պահեցողութեան մէջ, որովհետեւ սատանան իր նպատակին հասած կ՚ըլլայ:

Կարդանք, թէ Ղպտի Եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Շնուտա Գ. Հայրապետ ի՛նչ կ՚ըսէ այս մասին. «Եթէ փորձութիւնները պահքի ընթացքին պատահին, մի՛ նեղուիք, որովհետեւ ատիկա փաստ մըն է թէ պահքը իր օգտակարութիւնը ունեցած է, եւ սատանային նեղացուցած է»:

Ո՛չ թէ ուրախանանք, որ փորձութիւններ չեն պատահիր մեզի պահեցութեան ընթացքին, ընդհակառակը, ուրախանանք երբ փորձութիւններու կը հանդիպինք եւ յաճախակի կը փորձուինք մեր պահեցողութեան ընթացքին, որովհետեւ այն հոգեւոր նպատակները որ դրած էինք պահեցողութեան սկիզբին, սկսած են տալ իրենց արդիւնքը, ինչ բանը նեղացուցած է սատանային եւ ան կատղած կերպով յարձակած է մեր վրայ:

Ուստի, աղօթենք Աստուծոյ, Անկէ օգնութիւն եւ առաջնորդութիւն խնդրենք, որպէսզի կարենանք մեր առջեւ ցցուած փորձութիւնները յաղթահարելով, հասնինք վայելելու Իր Հրաշափառ Յարութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024