ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԴԷՄ ՍԱՆՁԱԶԵՐԾՈՒԱԾ ԱՐՇԱՒԸ ՏԵՂԻ ԿՈՒ ՏԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻ ԲՈՂՈՔԻՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ ծագած բանավէճի արձագանգները կը շարունակուին։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ համայն մարդկութիւնը, ներառեալ հայաշխարհը կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէր մը եւ այս իրավիճակին մէջ ցաւ կը յառաջացնէ ստեղծուած կացութիւնը։ Թէեւ ներկայիս օրակարգը ունի բոլորովին տարբեր առաջնահերթութիւններ, սակայն հայ իրականութեան մէջ ուշադրութենէ չի սպրդիր Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ սանձազերծուած տխուր արշաւը։ Այս ամբողջին մէջ իր ծայրայեղութեամբ կ՚առանձնանայ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան, որ անցեալ շաբաթ անպատշաճ յայտարարութիւններ ըրած էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին դէմ յորդելով հանդուրժելի բոլոր սահմաններէն դուրս։ Դժբախտաբար, ան շաբաթավերջին ալ յամառութիւն դրսեւորեց իր այդ կեցուածքին մէջ՝ մինչ բոլորը կ՚ակնկալէին, որ ան սրբագրէր ընկերային ցանցերու գրառումները եւ ներողութիւն խնդրէր։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու եւ Հայաստանի մէջ բազում շրջանակներու կողմէ բարձրացուած բողոքի ձայներուն շաբաթավերջին միացան նաեւ սփիւռքի հակազդեցութիւնները։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, ուր նշուած է հետեւեալը. «Հետեւելով վերջին շրջանին քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ խնդիրներուն եւ այս օրերուն ամէն ինչէ բարձր դասելով մարդոց պաշտպանութիւնը հաւանական վտանգներէ՝ անտեղի կը համարենք Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ կատարուած անպատեհ եւ անհարկի գրառումը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հասցէին։ Հայաստանէ դուրս ապրող հայերուս համար սրբութիւններու սրբութիւն են մեր Մայր Հայրենիքը եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Առաւել եւս այս օրերուն կ՚աղօթենք մեր հայրենակիցներու առողջութեան համար, բարձր կը գնահատենք Հայաստանի իշխանութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, հայ բժիշկներու, իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներու կողմէ կատարուող աշխատանքները։ Համաշխարհային սպառնալիք դարձած համաճարակը պէտք է որ զգօնացնէր մեզմէ իւրաքանչիւրը հաւանական դժուարութիւններն ու կորուստները նուազագոյնի հասցնելու միտումով։ Ակնկալուած խելամտութեան փոխարէն արձանագրուած անհեթեթ գրառումը անգամ մը եւս տեղի կու տայ յիշեցնելու, որ իբրեւ Հայաստանէ դուրս ապրող հայեր, հետեւելով հանդերձ Հայաստանի քաղաքական զարգացումներուն, բացառիկ զգուշութեամբ, պատկարանքով ու յարգանքով կը վերաբերինք Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի քաղաքացիական իրաւունքներուն, պարտաւոր կը զգանք գիտակցիլ որեւէ միջամտութեան լրջութեան։ Նոյնը կ՚ակնկալենք մենք՝ այս կամ այն պետութեան քաղաքացիներս։ Այլ է մեր Եկեղեցւոյ, մեր Հոգեւոր Հայրապետի, եկեղեցւոյ սպասաւորներու եւ հաւատաւոր հօտի հարցը։ Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս հոգեւոր մեր միասնականութեան, ազգային արժանապատուութեան, հայապահպանութեան կարեւորագոյն երաշխիքը մեր Եկեղեցին է եւ այս սուրբ առաքելութիւնը կեանքի կը կոչուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիին ներքեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։ Մեզի համար անընդունելի է Կաթողիկոսի հասցէին կատարուած որեւէ անհիմն ու չպատճառաբանուած յայտարարութիւն, որ ուղղուած կրնայ ըլլալ մեր միասնականութեան, ազգային արժանապատուութեան խաթարման։ Առաւել եւս երբ այդ յայտարարութիւնը կը կատարուի պետական բարձ-րաստիճան պաշտօնեայի մը կողմէ, որուն վստահուած է Մայր Հայրենիքի պետականութիւնը։ Կը յորդորենք բոլորին՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն ընելու ժամանակ նկատի ունենալ այդ Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներու զգացումները, արժանապատուութիւնը, բարոյական իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները։ Այս առումով մեր եկեղեցւոյ սահմանները անհամեմատ աւելի մեծ են եւ իւրաքանչիւր հայ, Հայաստանի մէջ կամ Հայաստանէ դուրս, պարտաւոր է բացառիկ զգուշութեամբ վերաբերուիլ անոր հետ»։

Ֆրանսայի թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներն ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Վեհափառ Հայրապետի դէմ թոյլ տրուած անարգական խօսքերուն դէմ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Մեծ ցաւով ընթերցեցինք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վեհափառ Հայրապետի հասցէին այս օրերուն մամուլի մէջ տեղ գտած անպատկառ արտայայտութիւններով համեմուած յօդուածները։ Մեր սիրտը ցաւ կ՚ապրի, երբ ազգիս Հովուապետի քրիստոնէական եւ մարդասիրական մաղթանքներն ու յորդորները պետական բարձրաստիճան կամ այլ որոշ պաշտօնեաներու կողմէ կը ստանան քաղաքական երանգներ եւ լայն հասարակութեան ուշադրութեան կը մատուցուին՝ անգամ մը եւս առիթ հանդիսանալով թշնամական տրամադրութիւններու սրացման եւ աւելորդ շաղակրատութիւններու՝ հանդէպ մեր սրբութիւն սրբոց Մայր Եկեղեցիին եւ Հայոց Հայրապետին։ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ի վեր այսպիսի անսարձակ յարձակումներու երբեք չէր ենթարկուած մեր Եկեղեցին։ Փոխարէն սիրոյ եւ հանդուրժողութեան քարոզով եկած յեղափոխութենէն ծնած գործերով մայրը հզօրացնելու ջանքեր գործադրելու նուիրական նախաձեռնութիւններու, այսօր տեղի կ՚ունենան ծնողը լքելու եւ անոր հայհոյելու՝ արդէն ծիսական երանգ ստացած եւ սովորական դարձած սրբապիղծ եւ ազգադաւ դրսեւորումներ։ Ինքզինքը բազմիցս մեր Եկեղեցւոյ զաւակ հռչակած Ալէն Սիմոնեանին եւ միւսներուն կը յորդորենք վերագտնել հաւատարիմ որդիի եւ նուիրեալ զաւակի իրենց ընթացքը եւ ձեռնարկել քայլերու՝ շտկելու համար մոլորեալի իրենց կեցուածքը։ Վստահ ենք Ալէն Սիմոնեան եւ միւսները քաջածանօթ են Սուրբ Գիրքին եւ մանաւանդ Անառակ որդիի մասին ոսկէ առակին։ Կը յորդորենք վերընթերցել զայն (ՂՈՒԿ. 15։11-24) եւ «մեղայ յերկինս եւ առաջի քո» աղօթքով վերադառնալ՝ ներում ստանալու յոյսով եւ ակնկալութեամբ։ Եկեղեցին մշտապէս կը սիրէ եւ ներում կը շնորհէ իր զաւակներուն՝ շինական թէ իշխանական։ Եւ պարարտ եզը պատրաստ է մորթուելու միայն հօր գիրկը իյնալու ժամանակ, ներում հայցելու ժամանակ եւ ներման արժանանալէ յետոյ»։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմն ալ արձագանգեց վերջին իրադարձութիւններուն։ Առաջնորդարանի դիւանը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որ խորագրուած է՝ «Ի սէր Սուրբ Հայրենիքի եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ»։ Այս յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Այս օրերուն քրիստոնէական մեծ ընտանիքը կը տօնախմբէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խորհուրդը, որ մշտապէս առաջնորդած է մեր ժողովուրդը եւ նոյն խորհուրդով ապրած իր բերկրանքը։ Այս ոգին պէտք է վերահաստատուի ամրութեամբ եւ միասնականութեան ոգիով հայրենի պետականութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ իշխանութեանց միջեւ։ Անհրաժեշտ է պահպանել փոխադարձ յարգանքի անկեղծութիւնը՝ ապահովագրելու համար խնամքի եւ հոգածութեան յանձնուած ժողովուրդի անդորրը։ Ազգովին աղօթքը դարձնենք մեր կեանքի առանցքը, որուն մէջ պարտ ենք գտնել մեզ յուզող հարցերու խաղաղ լուծումը եւ անքակտելի միութիւնը մեր ազգի, պետութիւն եւ եկեղեցի մէկ ամբողջութեան առջեւ խոնարհումով»։

Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգսեանն ալ անդրադարձաւ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութիւններուն՝ խստիւ դատապարտելով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ նման ոտնձգութիւնները։ «Մեր Եկեղեցին մեզի համար սրբութիւններու սրբոց է եւ անոր գլուխը կանգնած երկու հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսները մեզի համար նուիրական անձնաւորութիւններ են։ Հայաստանի պետական այրերը իրաւունք չունին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին նման յայտարարութիւններ ընելու՝ յատկապէս զինքը կոչելով իր մկրտութեան աւազանի անունով։ Սա եկեղեցւոյ վարկաբեկում է եւ ես կը կարծեմ, թէ մեր պետական այրերը իրենց իրաւունք պէտք չէ վերապահեն նման ձեւով վերաբերուելու», ըսած է Նորին Սրբազնութիւնը։ Ի լրումն այս բոլորին, Տ. Սեպուհ Արք. Սարգսեան մատնանշած է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ որպէս հոգեւոր հայրապետ, իրաւունք ունի մտահոգուելու իր ժողովուրդի զաւակներով, ո՛ւր որ ալ ըլլան անոնք։ «Մեր կարծիքով, Վեհափառ Հօր խօսքը բանտարկեալներու կեանքի ապահովութեան առընչութեամբ, տեղին է եւ պատշաճ», նշած է ան։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2020