NYT-Ի ՄԷՋ ԱՐԱՄ Ա.-Ի ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման առաջադրանքով Թուրքիոյ դէմ բացուած դատին արձագանգները կը շարունակուին միջազգային մամուլին մօտ։ Կը հաղորդուի, որ վերջին օրերուն ամերիկեան հեղինակաւոր «The New York Times» թերթին մէջ այս կապակցութեամբ հարցազրոյց մըն ալ լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Այս վերջինը սոյն հարցազրոյցը տուած է դէպի Հիւսիսային Ամերիկա ձեռնարկած իր ուղեւորութեան օրերուն։ Հարցազրոյցը լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ հայկական զանգը-ւածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Նոյնպէս թրքական մամուլին մօտ եւս արձագանգ ըս-տեղծած է այս հարցազրոյցը։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արամ Ա.-ի բանաձեւումով, այս դատական նախաձեռնութիւնը առաջին իրաւական քայլն է Թուրքիոյ մէջ անցեալին հայոց պատկանած ստացուածքը ետ առնելու ճանապարհին։ Իր խօսքերով, Սիսի կաթողիկոսարանը իր եկեղեցւոյ նստավայրն էր։ Իրաւական ներկայ առաջին քայլին պիտի հետեւի բոլոր եկեղեցիները, վանքերը, եկեղեցւոյ հետ առընչուած միւս ստաց-ւածքը վերադարձնելու պահանջը։ Այս փուլին ալ, իր հերթին, պիտի յաջորդէ անհատական ստացուածքը վերադարձնելու պահանջը։ «Մենք պէտք է քայլ առ քայլ յառաջ շարժուինք», պնդած է Արամ Ա., որու կարծիքով՝ եթէ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը մերժէ Անթիլիասի դիմումը, ապա սա ա՛լ աւելի պիտի խորացնէ այն անջրպետը, որ առկայ է Թուրքիոյ եւ 10 միլիոննոց հայկական սփիւռքին միջեւ։
Ամերիկեան հեղինակաւոր թերթի թղթակից Ռիք Կլատսթոնին հետ զրուցելու ընթացքին Արամ Ա. չէ շրջանցած նաեւ հայկական հարցին վերաբերեալ ամերիկեան քաղաքականութիւնը ու կարծիք յայտնած է մանաւանդ Սպիտակ տան դիրքորոշման շուրջ։ «Ես համոզուած եմ, որ իր հոգիի խորքին մէջ Նախագահ Օպաման վստահ է՝ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն մըն էր», նշած է ան։
Տեսակցութեան ընթացքին Արամ Ա. մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Սիսի կաթողիկոսութեան պատմութիւնը։ Ան ըսած է, որ զայն վերադարձնելու համար դատական դիմումին որոշումը առած են շուրջ երեք տասնեակ իրաւաբաններու հետ խորհրդակցելէ վերջ։ «Այժմ, հարիւր տարի վերջ հիմնական շեշտը փոխհատուցման վրայ դնելու ճիշդ պահն է», ըսած է Արամ Ա. ըստ որու, յիշեալ իրաւաբաններու շարքին կը գտնուէին նաեւ Թուրքիայէն մասնագէտներ։
Նորին Սրբութիւնը նշած է նաեւ, որ պատկանելիութեան հարցը շատ յստակ է։ «Այդ ամբողջ ստացուածքը հայկական է։ Ոեւէ մէկը չի կրնար կասկածի տակ առնել այդ կալուածին ծագումը, պատկանելիութիւնը եւ պատմութիւնը», ըսած է ան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոյն հարցազրոյցին մէջ Արամ Ա. տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ սահմանադրական ատեանը դեռ որեւէ պատասխան չէ տուած իրենց ներկայացուցած հայցադիմումին, եւ թերեւս դատաւորները զայն պարզապէս անտեսած են: Այդուհադերձ Քոզանի (Սիս) քաղաքապետ Մուսա Էօզթիւրքը հայկական կողմին ներկայացուցած դիմումին անմիջապէս արձագանգած էր` նշելով. «Նոյնիսկ թիզ մը հող պիտի չտրուի ոեւէ մէկուն»:
Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ երբեք չէ այցելած Սիսի կաթողիկոսարանի տարածքը, յայտնած է նաեւ կարգ մը մտահոգութիւններ։ Ան նշած է, որ թրքական իշխանութիւնները իրենց գործողութիւններով վերացուցած կրնան ըլլալ այդտեղէն հայկական ինքնութեան հետքը: Ան նաեւ յայտնած է, որ իրենց դիրքորոշումը դատական գործընթացի մէջ հակառակ է քրիստոնէական արժէքներէն մէկուն` ներողամտութեան: «Ներողամտութիւնը կու գայ, երբ կայ խոստովանանք, զղջում, մեղքի ընդունում: Հաշտեցումը մեր համամարդկային արժէքներու եւ հաւատքի մէկ մասն է, բայց նախ եւ առաջ Թուրքիան պէտք է հաշտուի սեփական անցեալին հետ», ըսած է Արամ Ա.:
Այս տեսակցութեան զուգահեռ թերթը տեղ տուած է կարծիքներուն՝ Անթիլիասի յառաջատար փաստաբան Փայամ Ախաւանի, որ եւս տուեալ գործին մէջ ներգրաւուած իրաւաբաններէն է, նաեւ ցեղասպանագէտ։ Ամերիկեան թերթին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիայէն մերժում ստանալու պարագային դիմումը պիտի տեղափոխուի Եւրոպայի Մարդու իրաւանաց ատեան: «Մենք սեփականութեան պահանջ ներկայացուցած ենք: Մենք չենք խնդրեր, որ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մեր պահանջը շատ գործնական է», նշած է ան: