ՊԻՆԿԷՕԼԻ ՄԷՋ ԱՒԵՐՈՒԱԾ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻ ՄԸ

Պին­կէօ­լի Քար­լըօ­վա գա­ւա­ռէն 3 քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեամբ գտնուող Թոփ­լու­լար գիւ­ղի պատ­մա­կան հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին ա­ւե­րուե­ցաւ՝ գանձ ո­րո­նող­նե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ 1440 բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող գիւ­ղը ան­ցեա­լին ե­ղած է հայ­կա­կան բնա­կա­վայր մը։ Ըստ գիւ­ղա­պե­տին, գիւ­ղին նախ­կին ա­նու­նը ե­ղած է Թո­քուլ­քը­րան։ «Մեր գիւ­ղին մէջ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ պատ­մա­կան բազ­մա­թիւ գտա­ծո­նե­րու։ Ցա­ւօք գտնող­նե­րը ա­ռանց հասկ­նա­լու վնաս կը հասց­նեն ա­նոնց։ Մեր գիւ­ղը միշտ ա­ւերուած է գանձ ո­րո­նող­նե­րու կող­մէ», ը­սաւ գիւ­ղա­պե­տը՝ ցաւ յայտնելով, որ կ՚անտեսուին յուշարձանները։ 

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015