ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն գործադրութեան համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին եւ Ս. Վլատիմիր ուղղափառ ճեմարանին (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) միջեւ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ։
Համագործակցութեան փաստաթուղթը ստորագրեցին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան եւ Նիւ Եորքի Ս. Վլատիմիր հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տքթ. Ճոն Քհնյ. Պէր։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չէվեան։ Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, Տքթ. Ճոն Քհնյ. Պեր եւ Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չէվեան։
Ասմունքներով եւ Ս. Պատարագէ հատուածներու երգեցողութիւններով հանդէս եկան Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաները։
Հանդիսութիւնը ամփոփուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի խօսքով։
Եկեղեցական
- 11/27/2024