ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի ուսուցիչները։ Խումբը գլխաւորեց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Տ. Նորայր Վրդ. Գազազեան, որ այս վարժարանի տեսուչն է։

Հանդիպման ընթացքին տեսուչ հայր սուրբը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց վարժարանի հայ եւ օտարազգի ուսուցիչներուն Հայաստան այցելութեան նպատակը եւ անդրադարձաւ կրթօճախի գործունէութեան։

Այնուհետեւ, Նորին Սրբութիւնը վարժարանի ուսուցիչներուն փոխանցեց իր գնահատանքը։ Ան նշեց, որ երեխաները կրթելն ու դաստիարակելը մարդկային կեանքի օրհնեալ առաքելութիւններէն մին է։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Աստուծոյ պատուիրաններու համաձայն սերունդներ կրթելը կը նշանակէ կերտել մարդկութեան համար լուսաւոր ապագայ՝ զերծ չարագործութիւններէ, անօրէնութիւններէ եւ բռնութիւններէ, ապագայ՝ լեցուն բարութեամբ, սիրով եւ խաղաղութեամբ։

Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը վարժարանի ուսուցչական անձնակազմին մաղթեց Աստուծոյ օրհնութիւնն ու առաջնորդութիւնը, որպէսզի իրենց սրբազան առաքելութեան մէջ ըլլան աներեր ու հաստատուն՝ արձանագրելով նորանոր յաջողութիւններ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հիւրերուն ներկայացուց նաեւ կրթութեան ոլորտէ ներս Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմէ իրականացուող ծրագրերը։ Ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Մայր Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ գործող հանրակրթական դպրոցներուն, նախակրթարանին ու Հայորդեաց տուներուն։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքրուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի ուսումնական գործընթացով եւ աշակերտներու առօրեայով։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ընդունեց նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի անդամները, որոնք շփումներ ունեցան Երեւանի մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018