«ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ»Ի ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցաւ «Եղիցի լոյս» մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռնարկին նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային տարեկան շարժանկարի փառատօնին առթիւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ սահմանուած է «Եղիցի լոյս» մրցանակը։ Այս տարի սոյն մրցանակը շնորհուեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ շարժանկարի բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեանին։
Նոյն արարողութեան ընթացքին «Ոսկէ ծիրան»ի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանին ալ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ շնորհուեցաւ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանը՝ առ ի գնահատութիւն իր երկար տարիներու վաստակեալ գործունէութեան։
Երկու պարգեւատրեալներն ալ հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկան սրտի խօսքով, Վեհափառ Հայրապետն ալ ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը՝ անգամ մը եւս գնահատելով Ռոպէր Կէտիկեանն ու Յարութիւն Խաչատրեանը։ «Ան իր օրինակով կը հաւաստէ, որ հայ ժողովուրդը յարութեան հաւատացող ազգ է՝ այդ տեսիլքով ապրող եւ արարող», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Ռոպէր Կէտիկեանի մասին։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց նաեւ Յարութիւն Խաչատրեանը՝ փառատօնի ստեղծման եւ յաջողութիւններուն գծով ունեցած մեծ վաստակին բերումով։