ԽԱՂՈՂԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ ԴԷՊԻ ՕԾՈՒՄ…

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտը արդէն անհամբերութեամբ կը սպասէ՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի մօտալուտ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման, որուն զուգահեռ նախատեսուած է նաեւ Միւռոնօրհնէք։ Սեպտեմբերի վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենան այս պատմական արարողութիւնները, որոնց ընդառաջ Ս. Աստուածածնի վերափոխման շաբաթավերջի տաղաւարն ալ ունեցաւ յատուկ նշանակութիւն։ Սա այլեւս ան վերջին մեծ տօներէն մին էր, որ նշուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի պաշտամունքի փակ մնալու պայմաններով։ Շուտով արդէն Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը կը վերաբացուի եւ բոլոր տաղաւարները դարձեալ կը նշուին՝ անոր նուիրական յարկին, սրբազան կամարներուն ներքեւ։

Ս. Աստուածածնի վերափոխումը բոլորին առթեց այն տպաւորութիւնը, թէ խաղողի խորհուրդով դէպի օծում ու վերաբացում կ՚ընթանայ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը։ Արդարեւ, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնը, միեւնոյն ժամանակ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի նաւակատիքի օրն է։ Մայր Տաճարը նուիրագործուած եւ օծուած էր 303 թուականին, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին օրը։ Հետեւաբար, այս տարուան Ս. Աստուածածնի տաղաւարը վաղ աւետիս մը բերաւ՝ Մայր Տաճարի վերաբացման ճանապարհին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2024