Ս. ՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճանթին Ուելպին։ Ներկայիս Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Սուրբ Քաղաք, ուր շփումներ կ՚ունենայ քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը այս ծիրէն ներս այցելեց Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց հայոց վանքը, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ։ Իրեն ընկերակից կազմին մէջ էին Անկլիքան եկեղեցւոյ Երուսաղէմի եւ Մերձաւոր Արեւելքի վիճակաւոր Հուսամ Արք. Նաումի եւ այլ եպիսկոպոսներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Քենթըրպըրիի արքեպիոկոպոսին հետ զրուցեց՝ իր կողքին ունենալով Ս. Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեանը։

Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած զրոյցէն վերջ, դիւանապետ հայր սուրբի ուղեցկութեամբ, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը եւ ընկերակիցները այցելեցին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարը, ուր թէ՛ կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը եւ թէ համապատասխան բացատրութիւններ ստացան։

 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2024