ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԵԼՍԻՆՔԻԻ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆինլանտիոյ Լուտերական-Աւետարանական եկեղեցւոյ պետ, Թուրքուի Արքեպիսկոպոս Կերի ՄըքՔինէնի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետը միջեկեղեցական այցելութեամբ այս օրերուն կը գտնուի Ֆինլանտիոյ մէջ։ Հելսինքիի Լուտերական-Աւետարանական մայր տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Արքեպիսկոպոսը բարի գալստեան խօսքով մը ողջունեց Նորին Սրբութիւնը։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը ներկայ հաւատացեալներուն եւ լուտերական հոգեւորականներուն։
«Այսօր երբ աշխարհ կանգնած է տնտեսական, մարդասիրական ու բնապահպանական ճգնաժամերու, ազգային-կրօնական հակամարտութիւններու եւ օրէ օր աւելցող անհանդուրժողականութեան, ահաբեկչութիւններու, եղեռնական ոճիրներու ցաւալի փաստերուն առջեւ, մենք խորապէս մտահոգուած ենք մարդկութեան կեանքին սպառնացող վտանգներով, հրատապ լուծման կարօտ մարտահրաւէրներով, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս տիրող ծանր իրավիճակով։ Այդ տարածքաշրջանէն ներս ծայրայեղական խմբաւորումներու կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններու պատճառով կը նուազի քրիստոնեաներու պատմական ներկայութիւնը, ներառեալ հայկական համայնքները Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։
«Հայ Եկեղեցին միջեկեղեցական եւ միջկրօնական երկխօսութեան ճանապարհով իր կարելին կը ներդնէ հակամարտութիւններու օճախներէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման, մարդասիրական արժէքները յարգելու եւ ապահով ու ստեղծարար կեանքը անխաթար պահելու կամքի զօրացման համար, ինչպէս նաեւ հնարաւորինս օգնութիւն կը հասցնէ պատերազմական իրավիճակներէ տուժածներուն, փախստականներուն։ Մեր եկեղեցւոյ խաղաղարար գործունէութիւնը կը ծաւալուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ։ Այսօր Ղարաբաղի մեր ժողովուրդը Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուող ամէնօրեայ պատերազմի վտանգին ներքեւ, շրջափակման պայմաններու մէջ յաճախ իր զաւակներու արեան գնով կը պատշպանէ իր ազատ կեանքը եւ անկախութիւնը պատմական իր հայրենիքի՝ Արցախի Հանրապետութեան։ Այս հիմնախնդրի կարգաւորման գործին մէջ գնահատելի են Ֆինլանտիոյ կողմէ գործադրուած ջանքերը, քանի որ ան եղած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի առաջին համանախագահներէն մին եւ այս գործընթացին ներգրաւուած ֆինն դիւանագէտներու գործունէութիւնը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ աղօթեց քաղաքական ու տնտեսական խնդիրներէն եւ հակամարտութիւններէն ալեկոծեալ աշխարհի խաղաղութեան համար՝ որպէսզի մարդկութիւնը կարենայ կառուցել իր բարօր ու ապահով ապագան։
Արարողութենէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երկու եկեղեցիներու պետերու պաշտօնական հանդիպումն ու նուէրներու փոխանակումը։
Միւս կողմէ, Հելսինքիի մէջ Վեհափառ Հայրապետը Ֆինլանտիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ալ հանդիպում մը ունեցաւ՝ իր ուղեւորութեան սկիզբին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024