ԲՋՆԻԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Բջնիէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Ընդհանրապէս դպրոցականներէ բաղկացեալ այս խումբը Նորին Սրբութեան կողմէ ընդունուեցաւ մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ։ Այս առթիւ Բջնիի հոգեւոր հովիի Տ. Արիստակէս Քհնյ. Բաղալեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց ուխտաւորները եւ անդրադարձաւ շրջանի հոգեւոր կեանքին։ Ան ընդգծեց, որ պատանիներու տեսակէտէ Հայոց Հայրապետին հետ հանդիպումը պատմական է եւ, վստահաբար, մեծ ազդեցութիւն պիտի գործէ անոնց կեանքին վրայ։ Պատանիները այնուհետեւ ներկայացուցին Տասնաբանեայ պատուիրանները եւ Աւետարանական երանիները։
Ողջունելով Բջնիի աշակերտներու հաւատաւոր ոգին՝ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր սէրն ու օրհնութիւնը բոլոր ներկաներուն եւ գնահատեց հոգեւոր հովիւն ու ուսուցիչները։
Միւս կողմէ, վերջին օրերուն մայրավանքի «Ռուբէն Սեւակ» թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ նահատակ բանաստեղծի յիշատակին ձօնուած երեկոյթ մը՝ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ։ Ձեռնարկին ներկայ էին Մայր Աթոռի միաբաններ, արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ թանգարանի բարերար Յովհաննէս Չիլինկիրեան, դուստրը՝ Շամիրամ Չիլինկիրեան եւ ամուսինը՝ Յակոբ Աւագեան, որոնք կը հանդիսանան Ռուբէն Սեւակի շառաւիղները։